İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՒԼ 

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ՝ գնահատականներու փուլի մը մթնոլորտին մէջ։ Այսպէս, Դպրեվանքի շրջանաւարտից աւանդական հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ դպրոցին մէջ, ծաւալուն արժեւորումի մը առիթ հանդիսացաւ բազմակողմանի օրակարգով։ Դպրեվանքի ընտանիքին երկար տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած աւանդութիւնն է՝ զանազան սերունդներէ սաներու այս համախմբումը, ինչ որ վերջին շրջանին համավարակի հետեւանքով ընդհատուած էր։ Այս տարի այս աւանդութիւնը վերակենդանացաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Դպրեվանքցիները նախ համախմբուեցան դպրոցի պարտէզին մէջ, ուր անմիջական զրոյցէ վերջ ճաշարանին մէջ միասնաբար ընթրեցին։ Ապա դպրոցի սրահին մէջ բոլորը հաւաքուեցան՝ ընդհանուր ժողովի մը ձեւաչափին մէջ։ Դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Թորոս Աբիկ, որու կողքին էին Իվոն Կէօքչէ եւ Սարգիս Կիւրեղ։

Խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Վարուժան Պուլկան, տնօրէն Արմէն Սարուխանեան, խնամակալներէն Թանէր Էօզէր, Մինաս Քորթուն եւ Արի Հերկել, ինչպէս նաեւ վաքըֆի փաստաբանը՝ Էօմէր Քանթիք բացատրութիւններ տուին դպրոցի կացութեան, խնամակալութեան գործունէութեան, կալուածական հարցերու, շարունակուող դատավարութիւններու, ապագայ ծրագիրներու շուրջ եւ այլն։

Այս հաւաքոյթի ընթացքին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը շրջանաւարտներու նկատառման յանձնեց նաեւ՝ համայնքային ընտրութիւններուն վերաբերեալ որդեգրուած մօտեցումը։ Այսպէս, խնամակալութիւնը ընտրութիւններու հարցին շուրջ պիտի շարունակէ իրաւական նախաձեռնութիւնները, սակայն այդ պայքարը այնպէս մը յառաջ պիտի տարուի, որ գործնական խոչընդոտի մը չվերածուի ընտրութիւններու ճանապարհին։

Տեղեկացուեցաւ, որ խնամակալութիւնը այս կապակցութեամբ յառաջիկայ շրջանին հանրութեան ուղղեալ պաշտօնական յայտարարութիւններ ալ պիտի ընէ։

http://www.jamanak.com/content/%D5%A9%D6%80%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%AF%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D6%84/26-09-2022-%D5%A3%D5%B6%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%BF%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%B8%D6%82-%D6%83%D5%B8%D6%82%D5%AC?fbclid=IwAR0p1vZc42Frdgpxl0ODj-1DLZMGLn62LyhbEODexW3SxGQIZUxPiAK1_gI

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın