Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 22 Սեպտեմբեր 2022, Հինգշաբթի, ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, առաջնորդութեամբ թաղի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զոհրապ Քհնյ. Ճիւանեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Եսայի Տէմիրի։
Եկեղեցւոյ վարիչները յայտնեցին, որ այս այցելութեամբ եկած էին խնդրել Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը Եկեղեցւոյ անուան եւ տարեկան տօնախմբութեան հանդիսութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը կը կատարուի Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, այս տարի 25 Սեպտեմբեր, Կիրակի առաւօտ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել եղած հրաւէրին, նաեւ ստացաւ եկեղեցւոյ եւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի հետ առընչուած տեղեկութիւններ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց արձանագրուած յաջողութեանց եւ ձեռքբերումներուն համար։ Ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun