İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ հիմնարկէքի յատկանշական արարողութիւն մը։ Այսպէս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» վարչական շէնքի հիմնօրհնէքի արարողութեան։ Այսպէս, ազգային բարերար Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլի ազնիւ նուիրատուութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նոր ծրագիր մը կեանքի կը կոչուի։ Մայրավանքի համալիրը պիտի լրամշակուի վարչական նոր շէնքով մը, որ մէկ կողմէ պիտի ունենայ իւրօրինակ ճարտարապետութիւն, իսկ միւս կողմէ նոյն երդիքին տակ պիտի համախմբէ զանազան կառոյցներ՝ նպաստելով արդիւնաւէտ գործունէութեան կազմակերպման։ Հիմքերը դրուած շէնքին ճարտարապետն է Արտակ Ղուլեան։ Շինարարութիւնը կ՚իրականացուի «Այգեձոր» ընկերութեան կողմէ։

Արարողութեան ընթացքին Նորին Սըր-բութիւնը ընթերցեց հիմնօրհնէքի առթիւ կազմուած յիշատակարանը, որ այնուհետեւ զետեղուեցաւ կառոյցի հիմքերուն մէջ։

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/15-09-2022-հիմնարկէքի-արարողութիւն?fbclid=IwAR1-L0N7ahLzOcypWxHUyZAFgSANLLFDSe9aZYneCvMVwq7GvXEQlojcgCI

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın