İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ՏԱՐԱԾՔԷՆ 10 ՔԱՌԱԿՈՒՍԻ ՔԻԼՕՄԵԹՐ ԳՐԱՒՈՒԱԾ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ. 105 ՆԱՀԱՏԱԿ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումները իսկապէս ծանր հետեւանքներ ունեցան։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեղեկացուց, որ Հայաստանի բանակէն 105 զինուոր նահատակուած է։ Միեւնոյն ժամանակ, ան հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն 10 քառակուսի քիլօմեթր բռնագրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ վերջին յարձակումներուն ժամանակ։ Սա կու գայ աւելնալ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն վերջ գործնականօրէն Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Հայաստանի տարածքներուն վրայ։ Այս ծանր պայմաններուն ներքեւ Փաշինեան երէկ յայտնեց, որ անզիջում պայքար պիտի մղեն երկրի տարածքային ամբողջականութեան համար եւ ոեւէ մէկուն միջանցք տրամադրելու մտադրութիւն չկայ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ ժամը 20.00-ի դրութեամբ բոլոր ուղղութիւններով սահմանին վրայ կրակը գրեթէ դադրած է։ Հայկական կողմէն որեւէ բնակավայր Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ չի գտնուիր։ Նախարարութիւնը այս առաւօտ ալ հաղորդեց, որ սահմանի երկայնքով էական դէպք մը չէ պատահած։

Դաշտի վրայ ստեղծուած վիճակին մասին կատարուած այս հրապարակումներուն առընթեր, դիւանագիտական նախաձեռնութիւններն ալ կը շարունակուին Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ լիցքաթափում ապահովելու համար։ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը երէկ քննարկեց այս տագնապը եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի կողմերը անյապաղ կրակը դադրեցնեն։ Դռնփակ նիստի ընթացքին ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիա տեղեկութիւններ տուած է հակամարտութեան դադրեցման ուղղեալ ռուսական կողմի ջանքերուն շուրջ։ Հարկ է նշել, որ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը այսօր դարձեալ կ՚անդրադառնայ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի բախումներուն՝ այս անգամ Երեւանի դիմումին վրայ։

ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդն ալ երէկ շօշափեց այս տագնապը, մինչ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ մէկտեղուելով ներկայացուց մանրամասնութիւններ։

Այսօր Սամարղանտի մէջ, Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթաժողովին ժամանակ եւս ուշադրութեան առարկայ կը դարձուի այս հարցը։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Հարաւային Կովկասի իրադրութեան շուրջ արժեւորումներ կը կատարէ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Նախապէս յայտարարուած էր, որ Նիկոլ Փաշինեան եւս պիտի մասնակցէր Սամարղանտի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովին։ Երէկ, սակայն, Երեւանէն պաշտօնապէս հաղորդուեցաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան վերջին պահուն որոշած է չմեկնիլ Սամարղանտ, ուր կը նախատեսուէր նաեւ իր հանդիպումը Ալիեւի հետ։

Միւս կողմէ, այս թէժ իրադարձութիւնները վերստին ներքին քաղաքական կեանքը ալեկոծած են Հայաստանի մէջ։ Երէկ երեկոյեան բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կառավարութեան շէնքին առջեւ, նաեւ խորհրդարանի շէնքին առջեւ։ Կիւմրիէն եւ Արցախէն ալ հասան բողոքի ցոյցերու մասին լուրեր։  

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F15-09-2022-հայաստանի-հանրապետութեան-ինքնիշխան-տարածքէն-10-քառակուսի-քիլօմեթր-գրաւուած

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın