Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի սահմաններուն եւ առաջնագծին վրայ առկայ իրավիճակին։ Մասնաւորապէս քննարկուեցան գնդերէցներու ծառայութեան վերաբերեալ հարցեր։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց, որ եկեղեցականները հովուական խնամք ցուցաբերեն հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած զինուորներու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն։ Միւս կողմէ, հայրապետական վերին տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայ Եկեղեցւոյ թեմերէն ներս այս շրջանին մասնաւոր աղօթք կը կատարուի՝ վասն խաղաղութեան Հայաստանի եւ Արցախի եւ զօրակցութեան հայրենեաց պաշտպաններուն։
İlk yorum yapan siz olun