İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ / AMERİKALI DİPLOMATLARIN PATRİKHANE ZİYARETİ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 13 Սեպտեմբեր 2022. Երեքշաբթի յետ միջօրէի, ժամը 14.00-ին ընդունեց Միջազգային Կրօնական Ազատութեեան Գրասենեակէն Աւագ Դեսպան Րաշատ Հուսսէյնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Այս պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Միջազգային Կրօնական Ազատութեան Գրասենեակէն Ճոաննա Վիւլֆսպըրկ եւ Մայքըլ Տազլըր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Իսթանպուլի Աւագ Հիւպատոսի Օգնական՝ Ֆլէօր Քովըն, Դեսպանատան Քաղաքական եւ Տնտեսական Պաշտօնատար՝ Օտրիյ Սթիվընս եւ  Պաթու Քընայյիղիթ։

Աւագ Դեսպանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Թուրքիոյ մէջ հանդիպումներ կ՚ունենար զանազան կրօնական հաստատութեանց հետ։ Այս այցելութեանց շարքէն էր Պատրիաքական Աթոռին տրուած այցելութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ եկած էին Պատրիարքարան, յարգելով Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնը։ Տեսակցութեան ընթացքին մեր Հոգեւոր Պետը եւ մեծայարգ հիւրը գաղափարի փոխանակումներ ունեցան միջկրօնական յարաբերութեանց  մասին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ մեր համայնքի վայելած կրօնական կեանքի մասին։ Հիւրերը Նորին Ամենապատուութենէն ստացան նաեւ տեղեկութիւններ Թուրքիոյ Հայ Համայնքի մասին։

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան համար եւ հրաժեշտ առին։


Kadasetli Patrik Sahak II Hazretleri, 13 Eylül 2022, Salı, saat 14:00’te, Uluslararası Din Özgürlüğü Ofisi’nden Büyükelçi Rashat Hüseyin başkanlığındaki heyeti kabul etti. Konuklar arasında, Uluslararası Din Özgürlüğü Ofisi’nden Joanna Wolfsburg ve Michael Dazler, Amerika Birleşik Devletleri’nin İstanbul Başkonsolos Yardımcısı Fleor Coven, Büyükelçilik Siyaset ve Ekonomi Sorumlusu Audrey Stevens ve Batu Kınayiğit vardı.

Büyükelçi başkanlığındaki heyet, Türkiye’deki çeşitli dini kurumlarıyla görüşmeler yaptı. Bu ziyaretler arasında Patriklik Makamı da yer aldı.

Patrik Hazretleri, Türkiye Ermenilerinin ruhani merkezine saygı duyarak Patrikhane’ye gelmelerinden duyduğu memnuniyeti dile getirdi. Görüşmede Ruhani Önderimiz ve konuklar, Türkiye’de cemaatimizin yaşadığı dini hayatın yanı sıra dinler arası ilişkiler hakkında fikir alışverişinde bulundular. Ayrıca, Patrik Hazretleri’nden Türkiye Ermeni cemaati hakkında bilgiler aldılar.

Davetliler, konukseverlik için teşekkür ederek Patrikhane’den ayrıldılar.

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

Kaynak: Türkiye Ermenileri Patrikliği https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın