İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵԹՈՎՊԱՑԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 12 Սեպտեմբեր 2022, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, ընդունեց քաղաքս ծառայող Եթովպացի երկու հոգեւորականներու՝ Հ. Միքայէլ Վրդ.ի եւ Հ. Կեպրէ Էկէզապհեր Վրդ.ի քաղաքավարական այցելութիւնը։ Վարդապետներուն կ’ընկերանային Բրշ. Եոհաննէս եւ Բրշ. Էլիաս սարկաւագներ եւ իրենց թարգմանը՝ Ֆասիլ։ Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Հիւրերըու յայտնեցին, որ Հ. Միքայէլ Վրդ. աւարտած ըլլալով իր ծառայութեան շրջանը, ի մօտոյ պիտի մեկնէր Եթովպիա, իսկ Հ. Կեպրէ Վրդ. արդէն իսկ ձեռնարկած է իր պաշտօնին։ Անոնք մասնաաւոր շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայ եւ Եթովպական եկեղեցիները Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին մաս կազմելով, դաւանակից են։ Քաղաքս բնակող Եթովպացիներ իրենց եկեղեցին չունենալով, տարիներ առաջ դիմած էին Աթոռոյս եւ Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ համալիրի Ս. Յարութիւն Մատուռը պաշտամունքի համար տրուած էր իրենց։

Մեր Հոգեւոր Պետը ուրախութեամբ դիմաւորեց դաւանակից Եթովպական եկեղեցւոյ հայրերն ու սարկաւագները եւ շեշտեց միջեկեղեցական յարաբերութեանց կարեւորութիւնը՝ յատկապէս քոյր եկեղեցիներու միջեւ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար ու շնորհաւորեց երկու հոգեւոր հայրերը։

Ի յիշատակ այս այցելութեան, հիւրերը Նորին Ամենապատուութեան նուիրեցին գեղեցիկ սրբանկար մը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın