Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 11 Սեպտեմբեր 2022, Կիրակի առաւօտ Ս. Խաչի Վերացման տօնի առթիւ նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։
Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Ներկայ էին նաեւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Միացեալ Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հայրը քարոզեց ու նախ շեշտեց թէ օրուան նպատան է իւրաքանչիւրին յիշեցնել խաչը եւ անոր իմաստը։ Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց Խաչվերացի դէպքի՝ Ս. Խաչի գերութենէն դարձի դէպքը ու անոր իմաստը։ Յիշեցուց, որ Անոր ռեհաններով զարդարուիլը նշանն էր Ս. Կենաց Փայտին ոչ թէ մահուան գործիք, այլ՝ կեանքի նշան ըլլալն ու անոր արքայական արժէք ունենալը։ Խաչին նայելով միայն չարչարանք ու մահ չենք տեսներ, այլ կը տեսնենք յաղթանակ եւ յարութիւն։ Քրիստոնեաներ իրենց բոլոր պարտութիւններուն մէջ պէտք է տեսնեն ապագայ յաղթանակը։
Քարոզի աւարտին կատարուեցաւ եկեղեցւոյ սատարողներու համար հոգեհանգստեան կարգ եւ մատաղօրհնէք։
Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ (https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/619068942904569 )։
***
Կրօնական արարողութեանց աւարտին պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun