Կը տեղեկանանք, որ այսօր յետմիջօրէին Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ նախատեսուած է կարեւոր ժողով մը, որուն ներկայ պիտի գտնուի նաեւ ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած դժուարութիւնները պիտի քննարկուին այս խորհրդակցութեան ընթացքին։ Հանդիպման հրաւիրուած են փոքրամասնութիւններու հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդները։
Հարկ է յիշեցնել, որ նոր կանոնադրութեան մշակման փուլին ալ փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէ անմիջական շփման մէջ գտնուած էր փոքրամասնութիւններու հոգեւոր եւ աշխարհական վարիչներուն հետ՝ համակարգելու համար պետական մարմիններու համապատասխան աշխատանքները։ Այժմ, երբ նոր կանոնադրութիւնը հրապարակուած է, արդէն դարձեալ ծագած են որոշ բարդութիւններ, որոնք հրատապ օրակարգ դարձած են փոքրամասնութիւններու կեանքէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին ուղարկուած նամակը, որով ան միջամտութիւն խնդրած էր՝ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ինքնագլուխ, սահմանափակ շրջանակի մէջ, նոր կանոնադրութիւնով նախատեսուած շրջանային դրութեան ներհակ ձեւով ընտրութիւն կատարելու նախաձեռնութեան դէմ։
İlk yorum yapan siz olun