İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԿՈՂՄԷ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄՈՒՄ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը պատկան իշխանութիւններուն պաշտօնապէս դիմում կատարած է՝ ընտրութեան ձեռնարկելու համար։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան տեղեկացուց, որ Վաքըֆներու Իսթանպուլի Բ. շրջանի տնօրէնութեան անհրաժեշտ փաստաթուղթերը ներկայացուած են՝ 4 դեկտեմբեր 2022 թուականին ընտրութեան ձեռնարկելու ակնկալութեամբ։

Թաղային խորհուրդը աղերսագիրը ներկայացուցած է՝ հաշուի առնելով, որ Գուզկունճուքի պարագային քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Իսթանպուլի Ա. ընտրաշրջանին մէջ։

Գուզկունճուքի քուէարկութիւնը պիտի կազմակերպէ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան կողմէ գործի լծուած՝ համատեղ ընտրական մարմինը։ 

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/7-09-2022-գուզկունճուքի-կողմէ-ընտրութեան-դիմում

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın