İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 6 Սեպտեմբեր 2022, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, ընդունեց նախկին Պոլսահայ, այժմ Տիթրոյթաբնակ ազգայիններէն Հերման Խնդիրեանն ու կողակիցը։

Խնդիրեան քաղաքս այցելութեան առթիւ եկած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Պատրիարքարան։ Ան, հետաքրքրուեցաւ Պոլսահայ կեանքով եւ տեղեկութիւններ տուաւ իր գլխաւորութեամբ յառաջ տարուած բարեգործական աշխատանքներու մասին։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ օրհնեց նուիրեալ ամոլին գործունէութիւնը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın