İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Սեպտեմբեր 2022, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, առաջնորդութեամբ թաղի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Յովհաննէս Կոպոյեանի։

Եկեղեցւոյ վարիչները յայտնեցին, որ այս այցելութեամբ եկած էին խնդրել Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան հանդիսութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը կը կատարուի Խաչվերացի տօնին, այս տարի 11 Սեպտեմբեր 2022, Կիրակի առաւօտ։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել եղած հրաւէրին, նաեւ ստացաւ եկեղեցւոյ հետ առընչուած տեղեկութիւններ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց արձանագրուած յաջողութեանց եւ ձեռքբերումներուն համար։ Ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın