Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի երէց սերունդի տիրական ու իսկապէս խորհրդանշական դէմքերէն Անժէլ Ասլանեան շաբաթավերջին կնքած է իր մահկանացուն։ Սա շատ դառն կորուստ մըն է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Անժէլ Ասլանեան եղած էր մեր համայնքի երէց սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին։ Տասնամեակներ շարունակ ան անփոխարինելի մասնակցութիւն բերած էր համայնքային կեանքին ու հանդիսացած՝ անոր մղիչ ուժերու շարքին։ Իր բարերար ամուսնոյն՝ Հայկ Ասլանեանի հետ ան միշտ եղած էր կենսունակութեան խթան, միշտ պաշտպանած էր ազգային արժէքներու յարատեւութիւնը։ Անժէլ Ասլանեան, որ համատարած յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած անձնաւորութիւն մըն էր, միշտ եղած էր արդար, անկեղծ եւ ուղղամիտ իգական սեռի ներկայացուցիչ մը։ Տասնամեակներ շարունակ ան իր բարերար ամուսինը խթանած էր, որպէսզի ներգրաւուի համայնքային շարժումներու մէջ եւ պոլսահայ հաւաքական կեանքէ ներս տիրէ միասնականութիւն, համերաշխութիւն եւ զօրակցութեան ոգի։
Անժէլ Ասլանեան սերած էր Բիրան ընտանիքէն, որու արմատները կը հասնին Կեսարիա։ Ընտանեկան տիպար մայր մըն էր։ Իր անսահման սիրով եւ հոգատար շունչով պայմանաւորուած ընտանեկան մթնոլորտի մէջ հասցուցած էր զաւակներ եւ թոռներ։ Բարեկամական շրջանակին կողմէ այնքան սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն մըն էր։
Անժէլ Ասլանեան, դժբախտաբար, երկար տարիներէ ի վեր առողջական վերիվայրումներէ կը տառապէր։ Բացի մասնագէտներու խնամքէն, որպէս գորովագութ մայր՝ իր հարազատներուն մշտական հոգածութեան առարկայ էր։ Վերջին շրջաններուն առողջական խնդիրները առաւել եւս բարդացած էին եւ հետեւանքները ծանրացած։ Այս վիճակին մէջ, ափսոս, որ թէ՛ բժիշկներու միջամտութիւնները եւ թէ՛ ընտանիքին գուրգուրանքը անբաւարար մնացին եւ Անժէլ Ասլանեան շաբաթավերջին Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ամբողջ ընտանիքն ու բարեկամական շրջանակները։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր բարի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք ամուսնոյն՝ մեր վաղեմի բարեկամ Հայկ Ասլանեանին, զաւակներուն՝ Արսէն-Հիլտա Եարմաններուն, Միսաք-Թանիա Փանոսօղլուներուն, Նուրհան-Անի Փէքքիւչիւքեաններուն, իրենց զաւակներուն, նաեւ համայն ընտանիքին։
İlk yorum yapan siz olun