İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՈՒ ԱՆԴԱՍՏԱՆ

Աղթամարի մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Ամենայն Հայոց Երանաշորհ Հայրապետներու, ինչպէս նաեւ Աղթամարայ երբեմնի Աթոռոյ վախճանեալ գահակալներու եւ Աղթամարի Աթոռոյ միաբաններու, Պոլսոյ երանաշորհ Պատրիարքներու։

Յիշատակուեցան նաեւ Ս. Խաչ Հայրապետանիստ Տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի Թագաւորը, Տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Վանի երբեմնի թեմի առաջնորդներն ու սպասաւորները եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։ 

ԱՆԴԱՍՏԱՆ

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, Ամենպատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու թափորը առաջնորդուեցաւ փակ, ուր, բազմաթիւհաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ, «Ամէն, ալէլուիա»ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան։ Անդաստանի արարողութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ փակը գրեթէ լեցուն էր ուխտաւորներուն եւ այցելուներու ներկայութեամբ։

Հոգեպարար էր այն պահը, երբ թափորը կը դառնար, սարկաւագներ ու դպիրներ կը կատարէին երգեցողութիւնները եւ եւ կ՚օրհնուէին աշխարհի չորս ծագերը, Հայոց հայրապետութիւնը, քրիստոնեայ թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները, երկիրն ու անդաստանները, տարւոյն պտղաբերութիւնը, վանքերն ու անապատները, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները։

Անդաստանի աւարտին, Պատրիարք Հայրը Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ զանգակատան ներքեւ, իր մօտն ունենալով հոգեւոր հայրերը եւ Սահակեան Դպրաց Դասու  երկսեռ անդամները, «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց բոլոր ներկաները։ Ապա, Մեր Հոգեւոր Պետը, սարկաւագներն ու դպիրները արձակեցին սպիտակ աղաւնիներ մաղթելով խաղաղութիւն ամենայն աշխարհի։ 

Տօնական Ս. Պատարագն ու արարողութիւնները իրենց աւարտին հասան խմբանկարով։ 

Իսկ Պատրիարք Հայրն ու արարողութեան մասնակից բոլոր սպասաւորները, նոյն երեկոյթեան օդային ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։

————–

Ս. Պատարագը բոլորովին դիտելու համար՝ https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/597806648514715

Photo: Kevork Gitmez

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın