Օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, 1 Սեպտեմբեր 2022, Հինգշաբթի առաւօտ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։
Հայր Սուրբը, իր օծակից՝ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեանի հետ միատեղ, բոլորած էր քառասնօրեայ կանոնական պատրաստութեան ու պահեցողութեան շրջանը Պատրիարքարանի մէջ։
Անդրանիկ Ս. Պատարագին նախագահեց, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով Աթոռոյս միաբանութիւնն ու քահանայից դասը։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ տեղւոյն խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուի, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներ եւս փութացած էին Ղալաթիա աղօթակից դառնալու համար նորընծայ հայր սուրբին։
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան քահանայ հայրերու եւ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ ու դպիրներ։ Իսկ, Պատարագիչ Հայր Սուրբին կողքին որպէս առընթերակայ կանգնած էր Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ Պատրիարք Հայրը քարոզեց, անդրադառնալով Ս. Յովհաննէս Կարապաետի առաքելութեան եւ յայտնեց, թէ՝ սուրբին հիմնական պարտականութիւնն էր Յիսուս Քրիտոսի ճանապարհը պատրաստել։ Այս առումով, յիշեցուց որ Ս. Յովհաննէսի քարոզչութիւնը միշտ նպատակ ունեցած էր այս առաքելութիւնը։ Մեր Հոգեւոր Պետը, յաջորդիւ յայտնեց, թէ՝ քահանայութեան պարտականութիւնն ալ նոյն առաքելութեան նմանողութիւնը ունէր։
Իւրաքանչիւր օծեալ սպասաւորը Քրիստոսի, պէտք է ժողովուրդին առաջնորդէ եւ ճանապարհ պատրաստէ, որպէսզի անոնք միանան Քրիստոսին։ Այս առումով, մեծ ու պատասխանատու էր հոգեւորականի պարտականութիւնը։
Պատրիարք Հայրը, ապա անրդադարձաւ կուսակրօն եկեղեցականութեան տարբերութեան եւ պատասխանատուութեան։ Դրուատելով Գասպար Աբեղայի երիտասարդ տարիքին ունեցած կոչումը, հայրական խրատներ փոխանցեց իրեն ու շեշտեց, թէ՝ կուսակրօն եկեղեցական ըլլալ, կը նշանակէ եկեղեցւոյ հետ պսակուիլ ու համայնքներու մեծ ընտանիքներուն հայր կոչուիլ։ Հետեւաբար, ընտանիք կազմելէ հրաժարած հոգեւորականը, պէտք է իր հոգեւոր ընտանիքը գտնէ եկեղեցւոյ մէջ, իրենց օրինակ դառնալով Քրիստոնէական բարոյականութեամբ։
Այս շրջագիծով, Մեր Հոգեւոր Պետը, յատկապէս ըսաւ. «Մի՛ ըլլար այն հոգեւորականներէն, որոնք կ՚ըսեն, որ խօսածս կատարէ, իսկ կատարածս մի կատարեր։ Պէտք է գործդ եւ խօսքդ իրարու համապատասխանեն։ Այս առումով, թէ՛ կրէ քրիստոնէական արժէքները այլոց եւ թէ՛ դուն հոգեպէս ու մտքով զարգացիր անոնցմով»։
Պատրիարք Հայրը, իր խօսքերու աւարտին, Գասպար Աբեղայի մասին ալ խօսեցաւ եւ յայտնեց, թէ՝ քառասուն օրեր առաջ ձեռնադրուած էր Իր ձեռամբ։ Ան սնած էր Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ եւ Պատրիարքարանի երդիքին ներքեւ։ Հետեւաբար, Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց բոլոր այն անձերը, որոնք Հայր Սուրբի հոգեւոր ու բարոյական զարգացման մէջ իրենց ներդրումը ունեցած էին։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն, ի հանգիստ հոգւոցն Հայր Սուրբի պատրաստութեան ծառայող ու ներդրում ունեցող բոլորի հանգուցեալներուն։
Պատրիարք Հօր վերջին օրհնութեամբ արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։
Ապա Նորօծ Հայր Սուրբի շուրջառը տարածուեցաւ հաւատացեալներու վրայ եւ Հայր Սուրբը բժշկութեան աղօթք արտասանեց։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք Սրահին մէջ սիրոյ սեղան տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Պատրիարք Հօր։ Սիրոյ սեղանի ընթացքին Հայր Սուրբը շնորհակալութեան ուղերձ մը կարդաց եւ յիշեց իր ընտանիքը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ բոլոր հոգեւորականց դասը, որոնք սատար հանդիսացան իր կազմաւորման։
Հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ անգամ մը եւս գնահատեց Հայր Սուրբը եւ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ բարի երթ մաղթեց իրեն հոգեւոր կեանքին ընթացքին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun