İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԺ. Տ. ՄԵԼՔՈՆ ՔՀՆՅ. ՄԱՏՈՅՑ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Բոլորելով քառասնօրեայ կանոնական պատրաստութեան ու պահեցողութեան շրջանը, Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան 31 Օգոստոս 2022, Չորեքշաբթի առաւօտ, Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը նախագահեց արարողութեանց եւ քարոզեց։

Արարողութեան ներկայ էին Աթոռոյս միաբանութիւնն ու քահանայից դասը եւ հաւատացեալներ։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ ու դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւններըկատարուեցան քահանայ հայրերու եւ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Պատրիարք Հայրը քարոզեց, բացատրելով քահանայութեան իմաստըեւ յորդորեց նորօծ պատարագիչ քահանան՝ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեանը։ Ըսաւ որ պաշտօնունի ոչ միայն ծէս կատարելու, այլ նաեւ մտնելու հաւատացեալներուն մէջ ու անոնց տանելուԱստուծոյ խօսքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ իր նախորդներէն առած աւանդը կը դնէՏէր Հօր ուսերուն՝ որպէս աւանդ ու ժառանգ։ Յիշեցուց, որ հոգեւորականը միշտ ընելու գործ ունի։ Անկրնայ շատ բանի մասին բողոքել, միայն չի կրնար անգործութեան մասին բողոքել։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն, ի հանգիստ հոգւոցն Տէր Հօր պատրաստութեանծառայող ու ներդրում ունեցող բոլորի հանգուցեալներուն։

Պատրիարք Հօր վերջին օրհնութեամբ արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։

Ապա Նորօծ Տէր Հօր շուրջառը տարածուեցաւ հաւատացեալներու վրայ եւ Տէր Հայրը բժշկութեանաղօթք արտասանեց։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին Ալթըմէրմէրի Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբը սիրոյսեղան սարքեց թաղի զաւակ՝ Տէր Մելքոն Հօր եւ հոգեւորական դասու ի պատիւ։ Սիրոյ սեղանիընթացքին Տէր Հայրը շնորհակալութեան ուղերձ մը կարդաց եւ յիշեց իր ընտանիքը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ բոլոր հոգեւորականց դասը, որ սատար հանդիսացաւ իրկազմաւորման։

Հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ անգամ մը եւս գնահատեց Տէր Հայրը եւԱստուծոյ առաջնորդութեամբ բարի երթ մաղթեց իրեն քահանայական կեանքին ընթացքին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın