Հայ լեզուի մէջ «մահ» բառին ստուգաբանութիւնը, ինչպէս նախապէս ըսուած էր, կը կատարուի. «մարմին առանց հոգիի»՝ առաջին տառերը նկատի ունենալով «Մ», «Ա», «Հ»։
Արդարեւ, մահը կեանքին ամենէն անխուսափելի եւ նոյնքան ամենէն ճշմարիտ իրականութիւնն է։ Մարդ կը ծնի. ծնունդը անորոշ է, բայց անգամ մը որ ծնի, մահը միակ եւ բացարձակ ճշմարտութիւնն է։ Կեանքի մէջ չկա՛յ մէկը որ տեսած չըլլայ իր մերձաւորներուն, իր սիրելիներուն, իր բարեկամներուն իրմէ հեռանալը, չըսելու համար «մահ»ը։ Երանի թէ մահ չըլլար, բայց կեանքի, ապրելու օրէնքն է մահը տեսնել, մահուան վկայել եւ մահը ճաշակել…։
Մահը աւարտն է երկնաւոր կեանքին։
Այս մասին Վիքթոր Հիւկօ կ՚ըսէ, թէ՝ «Գերեզմաններու մէջ կը նկատէ անմահութիւնը»։
Այս իմաստով, մահը անցք մըն է «երկրային» կեանքէն դէպի «երկնային» կեանք։ Մարդուս կեանքը սահմանաւորուած է ժամանակի չափով, որուն ընթացքին ան «փոփոխութիւն» կը կրէ, կը հասուննայ, կը ծերանայ՝ տարիքը կը յառաջանայ եւ ինչպէս երկրի բոլոր միւս կենդանի՝ ապրող էակներուն մօտ՝ մահը կը ներկայանայ իբրեւ բնական վերջաւորութիւնը ներկայ երկրային կեանքին։ Մահուան այս բնոյթը անձկութիւն եւ շտապ կը ստեղծէ մարդոց կեանքին մէջ։ Մարդիկ, ընդհանրապէս չեն ուզեր խօսիլ եւ նոյնիսկ մտածել մահուան մասին։ Բայց մահը յաճախ կը յիշեցնէ ինքզինք, մերձաւորի մը, սիրելիի մը, բարեկամի մը մահուամբ։
Մարդուն մահկանացու ըլլալու յիշատակը կը ծառայէ նաեւ յիշելու իրեն, թէ միայն սահմանափակ ժամանակ մը ունի իրագործելու իր կեանքը. «Յիշէ՛ Արարիչդ պատանեկութեանդ օրերուն… Փոշին հողին՝ շունչն ալ զայն տուող Աստուծոյ տակաւին չվերադարձած». (ԺՈՂ. ԺԲ 1-7)։
Յիսուս, Աստուծոյ Որդին, Ինքն ալ կրեց եւ ճաշակեց մարդկային վիճակը բնորոշող մահը։ Բայց, հակառակ Իր մահուան դիմաց զգացած սոսկումին, զայն յանձն առաւ, Իր Հօր կամքին ամբողջական եւ ազատ հնազանդութեամբ։ Յիսուսի հնազանդութիւնը մահուան անէծքը փոխակերպեց օրհնութեան։
Շնորհիւ Քրիստոսի, քրիստոնեայ մահը դրական իմաստ ունի։ «Ինծի համար կեանքը Քրիստո՛ս է եւ մեռնիլը՝ շահ», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (Բ ՏԻՄ. Բ 11)։ Ա՛յս է ահաւասիկ քրիստոնեայ մահուան էական նորութիւնը։ Մկրտութեամբ, քրիստոնեան արդէն խորհրդենականօրէն «մեռած է Քրիստոսի հետ», ապրելու համար նոր կեանքով։ Ուստի եթէ Քրիստոսի շնորհքին մէջ մեռնի ոեւէ մէկը, ֆիզիքական-մարմնական այս մահը՝ «Քրիստոսի հետ այս մեռնիլը» իր լրումին կը հասցնէ եւ այսպէս կը լրացնէ իր միաւորումը Անոր մարմինին հետ, Իր փրկչական արարքով։
Մահով Աստուած մարդը դէպի Իրեն կը կանչէ։ Այս իսկ պատճառով քրիստոնեան կարող է մահուան հանդէպ զգալ Պօղոս առաքեալին բաղձանքը. «Ես կը ցանկամ մեկնիլ եւ ըլլալ Քրիստոսի հետ». (ՓԻԼ. Ա 23), մարդը կրնայ նաեւ իր մահը Հօր հանդէպ հնազանդութեան, խոնարհութեան եւ սիրոյ ներգործութեան մը վերածել ըստ Քրիստոսի օրինակին. (ՂՈՒԿ. ԻԳ 46)։
«Ես չե՛մ մեռնիր, ես կեա՛նք կը մտնեմ», կ՚ըսէ Սուրբ Թերեզա Յիսուս Մանկան (Correspondance Générale)։
Բոլոր Աստուծոյ հաւատացողներուն կեանքը ո՛չ թէ կը փճանայ, այլ կը կերպարանափոխուի։ Իսկ անոնց կեցութիւնը երկրի վրայ երբ վերջ գտնէ, անոնք արդէն յաւերժական բնակարան մը ունին երկինքի մէջ։ Մահը վերջն է մարդուն երկրաւոր ուխտագնացութեան, վերջն է շնորհքի եւ ողորմածութեան ժամանակին, զոր Աստուած մարդուն կը շնորհէ, որպէսզի ան արդիւնաւորէ իր երկրաւոր կեանքը աստուածային ժրագրին համեմատ եւ վճռէ իր վերջին ճակատագիրը։ Երանի՜ անոնց որ արդիւնաւորած են կեանքը այս իմաստով… Երբ մարդուն երկրաւոր կեանքին միակ ընթացքը վերջ կը գտնէ, ան այլեւս ուրիշ երկրաւոր կեանքերու չի վերադառնար, քանի որ «Մարդիկ մէկ անգամ կը մեռնին». (ԵԲՐ. Թ 27)։ Ուստի, չկա՛յ «վերամարմնացում» մահէն ետք…։
Եկեղեցին կը քաջալերէ ամէն մէկ անհատի ինքզինք պատրաստելու մահուան ժամուն։ Արդարեւ, մարդ բոլոր գործերուն եւ մտածումներուն մէջ այնպէս պէտք է վարուի, իբրեւ թէ այսօր պիտի մեռնի։ Եթէ մարդուն խիղճը մաքուր ըլլայ, շատ ալ պիտի չվախնայ մահէն։ Ուստի նախընտրելի է զգուշանալ Աստուած վշտացնելէ, մարդ վիրաւորելէ բարոյապէս քան փախչիլ մահէն, ի՛նչ որ անկարելի է։ Եթէ մարդ այսօր պատրաստ չէ, վաղը ինչպէ՞ս պատրաստ պիտի ըլլայ…։
«Օրհնեալ ըլլաս, Տէ՛ր, մեր քրոջ՝ մարմնաւոր մահուան համար, որմէ ո՛չ ոք կարող է խուսափիլ։ Վա՜յ անոնց, որոնք կը մեռնին մահացու մեղքերով, իսկ երանի՜ անոնց, զորս մահը կը գտնեն քու սուրբ կամքիդ մէջ, որովհետեւ երկրորդ մահը անոնց չարիք պիտի չընէ», կ՚ըսէ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացի։
Իւրաքանչիւր մարդ իր մահէն ետք իր ապրած կեանքին յաւիտենական հատուցումը իր անմահ հոգիին մէջ կը ստանայ առանձնական դատաստանով, որ իր կեանքը Քրիստոսի հետ յարակցութեան մէջ կը դնէ կա՛մ քաւչական մաքրութեամբ երկինքի երանութիւն անմիջական մուտքով կա՛մ անմիջական յաւիտեանս դատապարտութեամբ։
«Մեր կեանքին իրիկնամուտին՝ մենք պիտի դատուինք ըստ սիրոյն», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհաննէս Խաչեան…։
Երբ այսօր «մահ»ի մասին խօսեցանք, կը վշտակցինք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին՝ հանգուցեալ Նուարդ Շահապօղլուի մահուան, ինչպէս նաեւ Գարէն Պիւյիւքաշըքօղլուի՝ Սիլվա Պիւյիւքաշըքօղլուի (Այնաճեան) մահուան եւ կը յիշենք մեր բոլոր հանգուցեալ բարեկամները…։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. խունկ եւ աղօթք բոլորին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 26, 2022, Իսթանպուլ
İlk yorum yapan siz olun