Օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 29 Օգոստոս 2022, Երկուշաբթի, ժամը 21.30-ին տեղի ունեցաւ Ս. Էջմիածնի ձօնուած գրական ու երաժշտական հանդէս։ Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու կազմակերպած հանդիսութիւնը բեմադրուեցաւ յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեանի կողմէ։
Աշխատութիւնը պատրաստուած էր, Մարմարա Օրաթերթի Խմբագրապետ եւ Պոլսահայ հանրածանօթ մտաւորական Ռոպէր Հատտէճեանի «Սրբալոյս Միւռոնը եւ Կրակարանը» խորագրեալ գիրքէն քաղուած հատուածներով։
Հանդիսութիւնը կը գլխաւորէր Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, իր կողքին ունենալով Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեանը։ Ներկայ էին նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդէ եւ Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասէ անդամներ, Լիզա Չօլաքօղլուի գլխաւորութեամբ Կազդուրման Կայանէ հսկիչներ, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հասարակութիւնը։
Հանդիսութեան սկիզբը Արամ Կոստանեան ներկաները ողջունեց եւ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց ամրան մշակութային աշխատութեանց եւ ներկայ հանդիսութեան մասին։ Յաջորդիւ, իր կողմէ գրի առնուած «Տէրունական Աղօթքը եւ ապաշխարութիւն» խորագրեալ կարճ թատրերգութիւնը։ Այնուհետեւ, Սեւան Նիզամեան ներկայացուց, ամէն օր աղօթող անձ մը, որ աղօթքը կը կատարէր որպէս պարտականութիւն։ Իսկ Արամ Կոստանեան, ներկայացուց Աստուծոյ ձայնը, որ աղօթքի նպատակին մասին խորհուրդներ կուտար աղօթքով Տիրոջ դիմողին։
Եկեղեցւոյ զանգակատան ներքեւ կատարուած թատրերգական բաժնին յաջորդեց գրական ու երաժշտական բաժինը։ Այնուհետեւ տաղանդաւոր օփերայի երգիչ Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպ. Պաղտասարեան դաշնակով նուագեց ու մեներգեց «Հոգիդ Աստուած» եւ «Էջմիածին ի Հօրէ» շարականները։
Ապա, բեմ բարձրացան Նատին Միտօյեան եւ ներկայացուց «Ս. Միւռոն» խորագրեալ բաժինը, որուն յաջորդեց Արբէն Չնարի «կրակարան» խորագրեալ ընթերցանութիւնը։ Ապա, Պետրոս Մնացականեան եւ Արամ Կոստանեան ներկայացուցին, եկեղեցասիրութեան մասին հատուածներ, որոնց ընթացքին Արթիւր Ուր. Դպիրը մեներգեց «Սիրտ իմ սասանի» հոգեւոր երգը։
Յաջորդիւ Նարեկ Քազիքօղլուն ներկայացուց «Նարեկ» մատեանի մասին գրի առնուած բաժին մը եւ յաջորդիւ մեներգուեցաւ Նարեկացիի գրիչէն «Հաւուն» տաղը։ Ապա, մեղքի մասին բաժիններ ներկայացուեցան Նարեկ Յակոբ Էրքօլի եւ Երազ Պէշիկթաշլեանի կողմէ։ Գրական ու երաժշտական յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Տէր Ողորմեա» մեներգով։
Հանդիսութեան եզրափակիչ փուլին, հուսկ բանքը արտասանեց Յարութիւն Վարդապետ եւ Պատրիարք Սրբազան Հօր օրհնութիւնները փոխանցեց հանդիսութեան բեմադրիչ Արամ Կոստանեանին, ինչպէս նաեւ մասնակից բոլոր կամաւորներուն։
Հայր Սուրբը յաջորդիւ յայտնեց, թէ՝ ինչո՞ւ Ս. Էջմիածնին ձօնուած էր այս հանդիսութիւնը, ըսելով. «Երբ Յուլիս ամսուան մէջ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ստացայ վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն, այս առթիւ ընդունուեցայ նաեւ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ։ Եւ երբ ինք, Հայրապետական օրհնութեամբ լանջախաչ շնորհեց նուաստիս, խրատեց որ Պոլսոյ ծառայութեան դաշտին մէջ վերյիշեմ Մայր Աթոռի ներկայութիւնը եւ ժողովուրդին յիշեցնեմ, թէ՝ Մայր Աթոռը միշտ կը մնայ մայրը իր ժողովուրդին»։ Ահա այս սկզբնակէտով Արամ Կոստանեանի հետ ծրագրած էին նման հանդիսութիւն մը եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր եւս օրհնութիւնը առնելով լծուած էին աշխատութեան։
Հանդիսութեան կիզակէտն էր Ռոպէր Հատտէճեանի գործը, որուն մէջ կը ներկայանար Հայ Եկեղեցիին հետ առընչուած բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք գրի առնուած էին 1996ի Միւռոնօրհնութեան առթիւ։ Հետեւաբար, այս աշխատութիւնը նաեւ առիթ կը դառնար յիշեցնելու այն իրողութիւնը, թէ՝ Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Միւռոնով դրոշմուած իւրաքանչիւր հայորդի իր պարտաւորութիւնն ու պարտականութիւնը ունէր հանդէպ իր եկեղեցւոյ։
Այս առումով մաղթեց որ սրբալոյս ածականը նաեւ հասնի աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի անդամներուն եւ անոնք Հայ Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ գտնեն լոյսին նշանակութիւնը եւ ուղղուին դէպի ապագայ։ Այս առթիւ, մասնակիցներուն նաեւ տրուեցան յուշանուէրներ։
Հուսկ բանքին յաջորդեց միասնաբար երգուած «Հայրապետական Օրհներգ»ը, որով ներկաներ աղօթեցին վասն անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, ինչպէս նաեւ արեւշատութեան Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին, այլ նաեւ նուիրապետական բոլոր աթոռներուն ու Պոլսոյ իրականութեան մէջ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ու իր գահակալին։
Հանդիսութեան աւարտին ներկաներ սիրով ողջունեցին Արամ Կոստանեանն ու երիտասարդները եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին։
Photo: Bolis Photo
Video: https://www.facebook.com/artundamadian/videos/756884522093353
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun