İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՐԸՆԾԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 30 Օգոստոս 2022, Երեքշաբթի, ընդունեց Աթոռոյս նորընծայ հոգեւոր հայրերը՝ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանն ու Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեանը։

Անոնք բոլորելով իրենց քառասնօրեայ կանոնական պատրաստութեան ու պահեցողութեան շրջանը, հասած են իրենց անդրանիկ պատարագի օրերուն։ Այս առթիւ, նախ քան անդրանիկ պատարագներու մատուցումը՝ ներկայացան Նորին Ամենապատուութեան եւ ստացան հայրական աղօթքն ու օրհնութիւնը։

Նորընծայ Տէր Հայրը անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ 31 Օգոստոս 2022, Չորեքշաբթի առաւօտ, Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ, իսկ նորընծայ Հայր Սուրբը՝ 1 Սեպտեմբեր 2022, Հինգշաբթի առաւօտ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։

Մեր Հոգեւոր Պետը օրհնեց նորընծայ հայրերը եւ մաղթեց, որ ըլլան «մշակ առանց ամօթոյ»։

http://Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın