İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 28 Օգոստոս 2022, Կիրակի, Գիւտ Գոտւոյ Ս. Աստուածածնայ Տօնին, Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու տարեկան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց, Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց՝ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Պատարագի բազմաձայն երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու կողմէ առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Արտէն Գարիպեանի։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Լեւոն Շատեանի գլխաւորած թաղային խորդհուրդի անդամները։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասու անդամները։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Պատարագիչ Հայր Սուրբը քարոզեց. «Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք» (Մրկ. 5.39) բնաբանով եւ ներկայացուց Յիսուս Քրիստոսին փոթորիկը խաղաղացնելու պահը։ Յայտնեց, թէ՝ առաքեալներ փոթորիկի ընթացքին տարակուսանքի մատնուելով, վախով մօտեցած էին Քրիստոսին, մինչ մեր Տէրը խաղաղութեամբ կը քնանար նաւակին մէկ կողմը։ Հայր Սուրբը, այս առթիւ յայտնեց, թէ՝ Յիսուս նոյնիսկ խուճապի պահուն խաղաղութեան աղբիւրը կը դառնայ հաւատացելոց։ Այս առթիւ նախ ըսաւ, թէ՝ Տէրը կը հոգայ իւրաքանչիւր հաւատացեալին, որ իրեն կը հաւատայ ու Ս. Խաչի Պատարագը լաւագոյն նշանն է այդ հոգածութեան։ 

Յաջորդիւ ըսաւ նաեւ, թէ՝ Տիրոջ հոգալու պատրաստակամութեան առընթեր, անձինք ալ պէտք է իրենք զիրենք հոգան։ Այս առումով, յայտնեց, թէ՝ մեր կեանքի ձախորդութիւններու պատճառը երբ մենք ենք, Տիրոջ «հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք» ըսելն ու սպասելը ապարդիւն կը դառնայ։ «Անձնական, հաւաքական, ազգային եւ համայնքային կեանքէ ներս երբ դէմ հանդիման կը մնանք դժուարութեանց հետ, ընդհանրապէս մեր ընթացքը կ՚ըլլայ Տիրոջ հոգածութիւնը հարցաքննել։ Իսկ փոխանակ հարցաքննումի, աւելի օգտակար կրնայ դառնալ ձեռքը քարի տակ դնել, աշխատիլ եւ միեւնոյն ժամանակ խաղաղութեան աղբիւր Քրիստոսին օգնականութիւնը խնդրել։ Վստահաբար այդ պահուն պիտի հասկնանք, թէ՝ Տէրը մեզ կը հոգայ», ըսելով ներկաները հրաւիրեց խաղաղութեան նաւահանգիստ՝ Քրիստոսին մօտ։

Հայր Սուրբը, նաեւ անդրադարձաւ Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու առաքելութեան եւ այս բոլորին մէջ յատկապէս առանձնացուց 40-ամեայ վերակազմութեան պատմութիւնը։ Այս առթիւ յիշատակեց Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի օրհնութեամբ եւ Մեսրոպ Հայր Սուրբի աշխատութեամբ նոր շունչ ստացած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Քրիստոսով առաջնորդուելու եւ իր օգնականութիւնը խնդրելու լաւագոյն օրինակներէն մին որակեց, Երանաշնորհ գահակալներու գործունէութիւնը, որով նոր հաւատացեալներ, հոգեւոր սպասաւորներ, ընտանիքներ ծնունդ առած էին Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու ծոցէն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն, որով յիշատակուեցան դպրաց դասը հովանաւորած երանաշնորհ Պոլսոյ Պատրիարքները, վախճանեալ նախագահները, սպասաւորները եւ անդամները։ Այս առթիւ յիշատակուեցան նաեւ Կղզեցի հանգուցեալ մտաւորականներն ու գրչի մշակները։

Հոգեւոր հանդիսութեան աւարտին, եկեղեցւոյ պարտէզը համախմբուեցան Հայր Սուրբը, եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները, թաղային խորհուրդի անդամներ ու դպրաց դասու համակիրներ։ Ապա Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի հետ նոյնացած «նախ խնդրեցէք» հոգեւոր երգի երգեցողութեամբ կարկանդակի բեկանում տեղի ունեցաւ։ 

Այս առթիւ Հայր Սուրբը, հակիրճ ելոյթ մը ունեցաւ ու շնորհաւորեց Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու տարեդարձը, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ բոլոր սարկաւագներուն ու դպիրներու եւ համակիրներուն։ 

Ի միջի այլոց անդրադառնալով ամրան միջոցառումներուն, երախտագիտական զգացումներով յիշեց դպրաց դասու վերակազմութեան հիմնադիր անդամներէն՝ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Պատրիարք Հօր հայրական հոգածութիւնը, որ որպէս Հոգեւոր Պետ ամրան շրջանին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բազմաթիւ հոգեւոր եւ մշակութային հանդիսութեանց բերած էր իր օրհնութիւնը։ «Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասը, մեր Հոգեւոր Պետին ցուցմունքներով ու օրհնութեամբ, ինչպէս նաեւ ամէն տարիքէ ժողովուրդով ու հաւատացեալներով, միասնական ոգիով պիտի շարունակէ գործել ի փառս Եկեղեցւոյ եւ ի պայծառութիւն մերազն ժողովորդեան» ըսելով, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու ժողովրդանուէր առաքելութեան։

Photo: Bolis Photo

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın