Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած «Մենք ԵՐԳենք Եւ ՊԱՐենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու ծիրէն ներս, 25 Օգոստոս 2022, Հինգշաբթի, ժամը 21.00-ին, Պուրկազ Կղզիի Լողաւազանի մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական եզակի երեկոյթ մը։
Հանդիսութիւնը կը գլխաւորէր Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, իր մօտն ունենալով Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանն ու Սեւան Աթաօղլուն։ Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Պուրկազահայեր, ինչպէս նաեւ Գնալը Կղզիէն եւ Մեծ Կղզիէն եւս Պուրկազ Կղզի փութացած ընտանիքներ։
Հանդիսութեան սկիզբը երեկոյթի կազմակերպիչներէն՝ Սեւան Աթաօղլու հանդէս եկաւ ու հակիրճ ձեւով ներկայացուց ամրան ընթացքին Գնալը Կղզիի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութիւնները, որոնք օրհնութեամբ Մեր Հոգեւոր Պետին, իրականացած էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կազդուրման Կայանի մէջ։ Իսկ այսօր, նման հանդիսութիւն մը տեղի կ՚ունենար Պուրկազի մէջ, ներդրումով ու մասնակցութեամբ տեղւոյն ժողովուրդին։ Իր խօսքերու աւարտին ներկայացուց երեք նուագողներ՝ Նայիրա Այտընը, Լիլիան Աւիթօղլուն եւ Պարետ Չաղլըչուպուքճուն։ Ինչպէս նաեւ ծանօթացուց յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեանը, որ ասմունքներով հանդէս պիտի գար։
Բարի գալստեան խօսքերէն յետոյ երիտասասրդներ կարգաւ բեմ բարձրացան եւ ծովահայեաց վայրին մէջ ներկայացուցին իրենց կատարումները։ Նախ հանդէս եկաւ Նայիրա Այտըն եւ թէ՛ նուագեց Հայկական երգեր եւ թէ՛ ինք մեներգեց սոյն երգերը։ Սոյն տեսարանը արդէն իսկ ըստ բաւանականի ոգեւորեց ներկաները եւ փոքրիկն Նայիրան ծափերը խլեց ունկնդիրներուն։ Ապա, Արամ Կոստանեան հանդէս եկաւ Զահրատէ բանաստեղութիւններով, որմէ յետոյ Լիլիան Աւիթօղլուն հանդէս եկաւ դաշնակի մենանուագներով։
Յաջորդիւ արտասանուած հոգեւոր արտասանութենէ յետոյ, փոքր անակնկալ մը տեղի ունեցաւ եւ Պուրկազահայ պատանիներէն՝ Մայքըլ Էքմէքճի նուագեց դասական կտոր մը։ Իսկ հուսկ, Պարետ Չաղլըչուպուքճուն, վարպետօրէն նուագեց դասական երաժշտութենէ նմոյշներ։
Հանդիսութեան եզրափակիչ փուլին, հուսկ բանքը արտասանեց Յարութիւն Վարդապետ եւ յանուն Պատրիարք Սրբազան Հօր իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հանդիսութեան կազմակերպիչներուն, ինչպէս նաեւ տեղւոյն վարչութեան։
Այս առթիւ յիշեցուց, որ եկեղեցին կը խորհրդանշուի նաւով եւ ծովով, հետեւաբար նաւերու եւ ծովերու միջավայրին մէջ կատարուած սոյն հանդէսը կը յիշեցնէր եկեղեցւոյ ներկայութիւնը ամէնուրէք։ Պուրկազ Կղզիի մէջ, նման երեկոյթ մը գրեթէ երկար ժամանակ տեղի չէր ունեցած եւ սոյն հանդիսութեամբ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցէին տղաքը Մեր Հոգեւոր Պետին օրհնութեամբ հանդէս եկած էին նուագներով ու հայերէն երգերով։
Այս առթիւ, ներկայացուց մասնակից տղոց մասնայատկութիւնները եւ այս բոլորին մէջ յայտնեց, թէ՝ սոյն ծրագիրը կը նպատակէ երիատասարդներուն ինքնավստահութիւն շահեցնել, որպէսզի անոնք ներկայացնեն իրենց երաժշտական շնորհքը եւ ներգրաւուին եկեղեցւոյ միութենական կեանքին։
Իր խօսքերու աւարտին, յիշեցուց որ Իշխանաց Կղզիները կը բաղկանայ չորս կղզիներէ, եւ այս բոլորին հոգեւոր կեդրոն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին կը ջանայ հետեւիլ բոլոր կղզիներու մէջ տիրող համայնքային կեանքին։ Իսկ այս տարի Հայր Սուրբը ուրախութեամբ կը հետեւէր, Պուրկազի մէջ խմորուած ընտանիքներու միութեան եւ այս հանդիսութիւնը յատուկ ձեւով նուէր մըն էր այս կազմաւորման։ Բաց աստի, նման հանդիպումը առիթ էր, որ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հայրական օրհնութիւնը եւս փոխանցուէր մերազն հաւատացելոց։
Հայր Սուրբը, իր խօսքերու աւարտին գնահատեց ներկաներու ընտանիքները եւ հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած «Երեւան Երեբունի» երգով։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun