Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 26 Օգոստոս 2022, Ուրբաթ, ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդէն ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու անդամներէն Արէտ Չիչէքէքէրը։
Անոնք եկած էին մեր Հոգեւոր Պետին տեղեկութիւն տալու իրենց գործունէութեանց ու ծրագիրներուն մասին։ Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ համայնքային մարմիններու յառաջիկայ ընտրութիւնները։
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած տեղեկութեանց համար եւ հայրական յորդորներ կատարելով, յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր ու համայնքանուէր գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun