«Մատենա» առաջնորդութեան ու մասնագիտական զարգացման միջազգային դպրոցի եւ Երեւանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին միջեւ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը։ Այսպէսով յայտարարուեցաւ կրթամշակութային նոր ծրագրի մը սկիզբը։ Նախագիծին նպատակն է ստեղծել համապատասխան նոր խմբաւորումներ։
Յուշագրի ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նախընթաց օր՝ մասնակցութեամբ «Մատենա»ի հիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանի եւ հիւրընկալ տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Արմինէ Գրիգորեանի։
Արարողութեան եզրափակիչ փուլին գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր մը։
İlk yorum yapan siz olun