İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 26 Օգոստոս 2022, Ուրբաթ, ընդունեց Ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի գլխաւորութեամբ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները։

Անոնք եկած էին Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւն տալու իրենց եկեղեցւոյ նորոգութեան ու բարեզարդման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ իրենց գործունէութեանց ու ծրագիրներուն մասին։ Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ համայնքային մարմիններու յառաջիկայ ընտրութիւնները։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած տեղեկութեանց համար եւ հայրական յորդորներ կատարելով, յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր ու համայնքանուէր գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın