Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ վերջերս ոգեկոչուեցաւ յայտնի պատմաբան փրոֆ. Վահագն Տատրեան, որ կենդանութեան շրջանին լայն աշխատանք տարած էր հայկական հարցի ծալքերուն վրայ։ Վահագն Տատրեանի մահուան 3-րդ տարելիցին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքճիւօղլու» սրահի երդիքին տակ։ Հաւաքոյթին մասնակցեցան ամերիկահայ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրեր, որոնք առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին հոգելոյս պատմաբանին համար։ Երեկոյթին հրաւիրուած էր նաեւ պատմաբան Թանէր Աքչամ։
Ատենախօսներու ելոյթներուն առընթեր գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր։ Հիմնական բանախօսն էր փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, որուն յանձնուեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան՝ Վահագն Տատրեանին անունով հաստատուած շքանշանը։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն։
Հարկ է նշել, որ երեք տարի առաջ Նիւ Եորքի մէջ մահացած Վահագն Տատրեանի մարմինը փոխադրուած էր Հայաստան։
İlk yorum yapan siz olun