İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ՈՒ ՑԱՒԱԼԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի ակադեմականներէն փրոֆ. Սիլվա Պիւյիւքաշըքօղլու։ Գիտական աշխարհէ ներս ան իր սերունդի հեղինակութիւն դարձած դէմքերէն մին էր, միեւնոյն ժամանակ, ընկերային կեանքէ ներս անսահման սէր ու համակրանքի առարկայ դարձած անձնաւորութիւն մըն էր՝ ազնիւ նկարագրով, բոլորի նկատմամբ բարի կամեցողութեամբ։ Թէեւ տարիքը բաւական յառաջացած էր, սակայն Սիլվա Պիւյիւքաշըքօղլուի մահը իսկապէս մեծ կորուստ մըն է մեր համայնքին տեսակէտէ, որովհետեւ ան մտաւորական բարձր կարողութիւններով այնպիսի կերպար մը կը մարմնաւորէր, որ նոյնիսկ ներկայութիւնը մեր հաւաքական կեանքէն ներս անփոխարինելի էր։

Ծնեալ՝ Այնաճեան, Սիլվա Փառանձեմ Պիւյիւքաշըքօղլու 1927 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Կեդրոնական վարժարանը աւարտելէ վերջ մուտք գործած էր Իսթանպուլի Թեքնիք համալսարանի Ելեկտրագիտութեան ֆաքիւլթէն, ուրկէ վկայւած էր 1951-ին։ Կարճ շրջան մը մասնաւոր ընկերութեան մը աշխատակցելէ վերջ, ան վերադարձած էր գիտական ասպարէզ իր աւարտած համալսարանէն ներս։ Իսթանպուլի Թեքնիք համալսարանի՝ այդ շրջանի անուանումով Սիսմոլոժիի կաճառը աշխատանքի անցած էր Սիլվա Պիւյիւքաշըքօղլու, ուր փուլ առ փուլ բարձրանալով կատարելագործած էր իր մասնագիտութիւնը։ Անատոլուի մէջ ստեղծած էր բազմաթիւ երկրաշարժի արձանագրութեան կայաններ՝ ապահովելով անոնց աշխատանքի շարունակականութիւնը։ 

Սիլվա Պիւյիւքաշըքօղլու գիտական աշխատանքը երկար շրջան մը շարունակած էր նաեւ արտասահմանի մէջ։ 1959 թուականին, Ճաբոնի կառավարութեան կրթաթշակով Թոքիոյի համալսարանին մէջ աշխատած էր երկու տարի՝ երկրաշարժի ուսումնասիրութիւններու վրայ։ 1970-ական թուականներու կէսերուն ալ, տոքթորականի կոչումը առնելէ վերջ, Թոքիոյի մէջ սիսմոլոժիի վրայ անհատական յառաջացած մասնագիտական դասընթացքներու հետեւած էր՝ նոյնաժամանակ հետազօտութիւններ ընելով Թոքիոյի համալսարանին մէջ։ Երկիր վերադառնալով միշտ Իսթանպուլի Թեքնիք համալսարանէն ներս աշխատած էր թէ՛ դասաւանդելով եւ թէ՛ իր մասնագիտութիւնը խորացնելով։ 1980 թուականին եղած էր տոցենթ, իսկ 1989 թուականին փրոֆեսէօրի կոչում նուաճած էր։ Իսթանպուլի Թեքնիք համալսարանէն ներս մինչեւ 1994 թուականը Մետաղագիտութեան ֆաքիւլթէի ժէօֆիզիքի բաժանմունքէն ներս վարած էր սիսմոլոժիի ամպիոնը։

Փրոֆ. Սիլվա Պիւյիւքաշըքօղլու հայերէնի եւ թրքերէնի առընթեր գիտէր անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ճաբոներէն։ Ունէր որդի մը՝ որ իր նման աւարտած է Իսթանպուլի Թեքնիք համալսարանը։ Այսպէս, ան մայրն էր ելեկտրականութեան ճարտարագէտ, համակարգչային բարձր ճարտարագէտ Գարէն Պիւյիւքաշըքօղլուի։

Փրոֆ. Սիլվա Պիւյիւքաշըքօղլու վերջին շրջանին կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։ Իրեն համար ի սպաս դրուած բժշկական ջանքերն ու որդւոյն խնամքը դժբախտաբար մնացին անբաւարար եւ ան երէկ աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով թէ՛ իր որդին եւ թէ իր բոլոր սիրելիները։ Որպէս պայծառ եւ ազնիւ անձնաւորութիւն՝ ան միշտ կը յիշուի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք զինքը ճանչցած են եւ իր բարի յիշատակը իրենց սրտին մէջ պիտի կրեն։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք փրոֆ. Սիլվա Պիւյիւքաշըքօղլուի բարի հոգւոյն եւ կը մաղթենք, որ երկնային անթառամ պսակներու արժանանայ իր բարի հոգին։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր որդւոյն՝ մեր սիրելի բարեկամ ու գործընկեր Գարէն Պիւյիւքաշըքօղլուին, որու միակ մխիթարութիւնը այն է, որ մինչեւ վերջին պահը գտնուած է իր սիրեցեալ մօր գլուխը։ Նոյն առթիւ ցաւակցութիւններ կը յայտնենք թերթիս երէց սիւնակագիրներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանին, որուն ազգականն է հանգուցեալը։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/25-08-2022-անփոխարինելի-ու-ցաւալի?fbclid=IwAR1BpMEsr5tGvrnH5jEk0n3OrWVtQTsDJhxWy-gbYcvUR_zkyK3ye0sWkWw

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın