İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԵՐԷՆ ԵՐԳԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՁԱՅՆՈՎ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԷՆ ՏԱՐԱԾՈՒԵՑԱՒ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած «ՄենքԵՐԳենք Եւ ՊԱՐենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու հինգերորդը տեղի ունեցաւ 23 Օգոստոս 2022, Երեքշաթի, ժամը 21.00-ին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։

Հանդիսութիւնը իր բարձր ներկայութեամբ պատուեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ուՊատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը։ Երեկոյթին մասնակցեցաննաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն, Կազդուրման Կայանէն անդամներ, ինչպէս նաեւերիտասարդներ եւ երաժշտասէր հասարակութիւնը։ 

Հանդիսութեան սկիզբը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յարութիւն Վարդապետ եւ յայտնեց, թէ՝ սոյնհանդիսութիւնը եւս կազմակերպուած էր օրհնութեամբը՝ Սրբազան Պատրիարք Հօր։ Բաց աստի, այս մէկը կը տարբերէր անցեալի համերգներէն, քանի որ երիտասարդներ այս անգամերգեցողութեամբ հանդէս պիտի գային եւ ուրախացուցիչ երեւոյթ էր, թէ՝ անոնք պիտիներկայանային մեծաւ մասամբ հայերէն երգերէ կազմուած երգացանկով մը։ Այս առթիւշնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ բարի ժամանց մաղթեց։ 

Հայր Սուրբի ողջոյնի խօսքէն յետոյ, Սեւան Աթաօղլու հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ երիտասարդդէմքեր՝ Լիա Վարդանեանի, Նորա Իփէքչիի, Տերեւ Տեմիրճիտիրի, Երազ Չաղլաեանի եւ ԱռէնՔոճապայի մասին, ներկայացնելով նաեւ իրենց երաժշտական կեանքէ տեղեկութիւններ։ 

Ներկայացման խօսքէն յետոյ, կրկին անգամ Յարութիւն Վարդապետ խօսք առնելով յայտնեց որհանդիսութիւնը ունէր նաեւ խորհրդանշական բնոյթ մը։ Ս. Աստուածածնայ տօնակատարութեանցյաջորդող շրջանին, եկեղեցւոյ պատմական Ս. Աստուածածնայ վարագոյրին առջեւ կը կատարուէրսոյն համերգը։ Հետեւաբար ներկաները հրաւիրեց միասնաբար երգելու հոգեւոր երաժշտութիւն մը։ 

Այս առթիւ յայտնեց, թէ՝ այս Կիրակի ծննդեան տարեդարձն էր, Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին՝Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ սոյն հանդիսութեան կը նախագահէրՍրբազան Պատրիարք Հայրը, հրաւիրեց «Հայրապետական Մաղթերգ»ը երգելու։ Յաջորդիւ ԱռէնՔոճապայի դաշնակի ընկերակցութեամբ բոլոր ներկաներ երգեցին մաղթերգը ըսելով. «Երկարկեանք տուր Հայրապետին, երկար օրերէ Հայոց Հօր։ Եւ անսասան պահիր դու քո իսկ հիմնած ՄայրԱթոռ»։

Այս խորհրդաւոր պահէն յետոյ նախ բեմ բարձրացաւ Լիա Վարդանեան եւ Առէն Քոճապայիդաշնակի ընկերակցութեամբ երգեց Հայերէն ու Անգլերէն երգեր։ Ապա Նորա Իփէքչի թէ՛ դաշնակնուագեց եւ թէ՛ երգեց հաճելի երգեր, որոնք մեծ ոգեւորութիւն ստեղծել սկսան ներկաներու մօտ։Երգացանկի առաջին բաժնի աւարտին, բեմ բարձրացաւ յայտնի արուեստագէտ ԱրամԿոստանեան եւ ներկայացուց հոգեւոր եւ բարոյական բնոյթով լի բանաստեղթութիւններէ նմոյշներ։

Ասմունքներէն յետոյ, Տերեւ Տեմիրճիտիր, Նորա Իփէքչիի դաշնակի ընկերակցութեամբ երգեցՀայերէն երգեր։  Իսկ հանդիսութեան եզրաբակիչ փուլին, Երազ Չաղլաեան Առէն Քոճապայիդաշնակի ընկերակցութեամբ երգեց, ընդհանրապէս Կոմիտաս Վարդապետի գործերէն կազմուածերգացանկ մը, որ մեծ գնատատանքին արժանացաւ ներկաներուն։

Հանդիսութեան հուսկ բանքը կատարեց Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ առաջին հերթին յայտնեց, թէ՝ երիտասարդներու կատարումը գնահատանքին արժարանացած էր ներկաներուն։ Իրենցներկայացումը առաւել եւս իմաստալից կը դառնար, նկատի ունենալով, թէ՝ անոնք մեծաւ մասամբՀայերէն երգացանկով հանդէս եկած էին։ Այս առթիւ, յիշեցուց, թէ՝ մեր եկեղեցին տաղանդաւորբազում անձերու համար կարեւոր զարգացման դասշտի մը վերածուած է յատկապէս դպրացդասերու ճամբով եւ ներկայիս համայնքային կեանքէ ներս համբաւաւոր դարձած շատ մըարուեստագէտներ անցած էին այս ուղիէն։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը կարեւորելով եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ըսաւ. «Մեր եկեղեցին արուեստիզարգացման համար եւս կարեւոր դաշտ մըն է եւ մեր համայնքը տարիներ շարունակ այս դաշտիլաւ արժեւորման շնորհիւ ունեցած է տաղանդաւոր երգիչներ ու նուագողներ։ Այս առիթով մերեկեղեցւոյ միաւորող ու զարգացնող հովանիին միշտ տէր կանգնինք»։ 

Պատրիարք Հայրը, նաեւ յիշեցուց թէ՝ ամէն ազգ իր արժէքները ունի եւ այս մէկը բնական է։ ԻսկՀայոց պարագային, մեր արժէքներէն մին է մեր երաժշտութիւնը։ Ինչպէս որ ամէն ազգ իր արժէքընախ կը գնահատէ, նոյն ձեւով մենք եւս պէտք է գնահատենք մեր ունեցածը։ Այս առումով, երիտասարդներուն փորձը գնահատեց, նկատի ունենալով որ անոնք քաջութիւնը ունեցած էինհանրութեան առջեւ իրենց ժողովուրդին երաժշտութիւնը ներկայացնելու։ Այս առթիւ օրհնեցներկաները եւ մաղթեց որ յաջորդ տարի առաւել եւս զարգացմամբ կրկին անգամ անոնքներկայանան հանրութեան եւ թէ՛ անոնք ոգեւորուին եւ թէ՛ ներկաները ուրախանան։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը, իր խօսքերու աւարտին իր օրհնութիւնները փոխանեցեց նաեւ հանդիսութեանկազմակերպիչ Յարութիւն Վարդապետին, Սեւան Աթաօղլուին եւ Արի Հէրկէլին, յայտնելով թէ իրենցկատարած աշխատութիւնը մեծ ներդրում բերել սկսած էր համայնքային կեանքէ ներս եւյատկապէս երիտասարդներու մօտ։ 

Հուսկ բանքի աւարտին Պատրիարք Հայրը, յուշանուէրներ յանձնեց երիտասարդներուն, որմէ յետոյմիասնաբար երգուած «Տէրունական Աղօթք«ով իր աւարտին հասաւ այս հանդիսութիւնը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın