İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԴԻՄԵՑ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՕՂԱՆԻ  

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 22 Օգոստոս 2022ին գրի առած պաշտօնագրովՀանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի  բարձր նկատառմանյանձնեց Համայնքային Վաքըֆներու Ընտրութեան Կանոնագրութեան կարգ մը վաքըֆներուվարչութեանց կողմէ համայնքի անդամներու ընտրելու իրաւունքը սահմանափակողմեկնաբանութիւններէն եւ կիրառումներու ձեռնարկներէն զգացած անհանգստութիւնը։ 

Ըստ երեւոյթի, այս իրաւունքի բռնագրաւման համայնքային շրջանակներէ ներս յառաջացուցածանհանգստութիւնը, ստեղծած է վտանգաւոր միջավայր մը, որ կրնայ ընտրութիւններուչմասնակցելու դուռ բանալ։

Նամակին մէջ ընդգծուած է, որ կարելի կ՚ըլլայ հարցին լուծում գտնել այն պարագային, երբՎաքըֆներու Տնօրէնութիւններու կողմէ բոլոր վաքըֆներու վարչութիւններուն բացայայտօրէն կըհրահանգուի, որ ըստ կանոնագրի իւրաքանչիւր վաքֆի վարչութիւն յետ այսորիկ շրջանայինհասարակաց ընտրողական ցանկը կը ներկայացնէ որպէս իր ընտրողացանկը։  

Ընդգծուած է նաեւ, որ  Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդինախաձեռնութիւնը ծնունդ տուած է իրաւաբանական վէճի մը։ Սա դիւրաւ  կարելի կ՚ըլլայ լուծել, եթէՎաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը նոր  կանոնագրութիւնը մեկնաբանէ իր բուն ոգիին ուտարրին համապատասխան։ Ուստի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս ուղղութեամբ խնդրած էՀանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահին միջամտութիւնը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın