İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԴԻՄԵՑ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՕՂԱՆԻ  

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 22 Օգոստոս 2022ին գրի առած պաշտօնագրովՀանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի  բարձր նկատառմանյանձնեց Համայնքային Վաքըֆներու Ընտրութեան Կանոնագրութեան կարգ մը վաքըֆներուվարչութեանց կողմէ համայնքի անդամներու ընտրելու իրաւունքը սահմանափակողմեկնաբանութիւններէն եւ կիրառումներու ձեռնարկներէն զգացած անհանգստութիւնը։ 

Ըստ երեւոյթի, այս իրաւունքի բռնագրաւման համայնքային շրջանակներէ ներս յառաջացուցածանհանգստութիւնը, ստեղծած է վտանգաւոր միջավայր մը, որ կրնայ ընտրութիւններուչմասնակցելու դուռ բանալ։

Նամակին մէջ ընդգծուած է, որ կարելի կ՚ըլլայ հարցին լուծում գտնել այն պարագային, երբՎաքըֆներու Տնօրէնութիւններու կողմէ բոլոր վաքըֆներու վարչութիւններուն բացայայտօրէն կըհրահանգուի, որ ըստ կանոնագրի իւրաքանչիւր վաքֆի վարչութիւն յետ այսորիկ շրջանայինհասարակաց ընտրողական ցանկը կը ներկայացնէ որպէս իր ընտրողացանկը։  

Ընդգծուած է նաեւ, թէ Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդիընտրութեան նախաձեռնութեամբը սկսած իրաւաբանական վիճաբանութիւնը կարելի կ՚ըլլայդիւրաւ լուծել այն պարագային, երբ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան կողմէկանոնագրութիւնը իր բառին ու ոգիին հարմարութեամբը կը մեկնաբանուի։ Այս ուղղութեամբխնդրուած է Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահին օժանդակութիւնը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın