İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄԸ ՎԵՐԱԾՈՒԵՑԱՒ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ

Գնալը Կղզիի մէջ, 21 Օգոստոս 2022, Կիրակի, երեկոյեան իր աւարտին հասաւ Նաւասարդեան Խաղերը, որ հոծ թիւով մասնակիցներու ներկայութեամբ վերածուեցաւ աննախընթաց տօնակատարութեան։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ, ինչպէս նաեւ Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան գլխաւոր օժանդակութեամբ կազմակերպուած խաղերու փակման հանդիսութեան եւս մասնակցեցաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։

Մեր Հոգեւոր Հետը, ժամը 18.00-ին, Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Գնալը Կղզիի Լողաւազանը, ուր հիւրընկալուեցաւ Փրօֆ. Տթք. Էմրէ Պուչքինի նախագահած Լողավազանի Վարչութեան կողմէ։ Ընթրիքին մասնակցեցաւ նաեւ Կղզեաց Գաւառապետ Տքթ. Մուսթաֆա Այհան։ Հաճելի հանդիպման ընթացքին ներկաներ զրուցեցին լողովազանի մէջ իրականացած մրցումներու մասին։ 

Յաջորդիւ Մեր Հոգեւոր Պետն ու յարգելի Գաւառապետը, ինչպէս նաեւ ընթրիքի մասնակիցները ժամը 20.00-ին ուղղուեցան դէպի Հրանդ Պարսամեան Մարզադաշտ։ Հանդիսաւոր մուտքէն յետոյ, անոնք դիմաւորուեցան խաղերու կազմակերպիչներուն կողմէ եւ սկսան հետեւիլ փակման հանդիսութեան։ Նախ քան մրցանակաբաշխութիւնը, Մեր Հոգեւոր Պետը հետեւեցաւ նաեւ ոտնագնդակի վերջնական մրցումին։

Ապա, Ճէյհուն Եըլմազի հանդիսավարութեամբ եւ Ռաֆֆի Քալքի ներկայացումով սկսաւ մրցանակաբաշխութիւնը, որով ոտնագնդակի, վոլէյպոլի, պասքէթպոլի, թէնիսի եւ լողալու մարզերու մէջ թափնեկիրներ կարգաւ ստացան իրենց մրցանակները։ 

Արարողութեան ընթացքին թէ՛ մարզադաշտը եւ թէ՛ շրջակայ փողոցը լի էր հետեւողներով։ Իսկ Մեր Հոգեւոր Պետը, յանձնեց արդար խաղացողներու եւ իրենց ծիրէն ներս լաւագոյն հանդիսացող մարզիկներու մրցանակները։ Բաց աստի, Պատրիարք Հօր ձեռամբ յանուն կազմակերպիչ խումբին Յարութիւն Վարդապետին եւս յանձնուեցաւ յուշանուէր մը, առ ի երախտագիտութիւն իր ունեցած ներդրումին։

Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն եւ կղզեցիներու վկայութիւնները եւս նկատի ունենալով աննախընթաց հանդիսութիւն մը որակեց կատարուածը։ Յատուկ ձեւով գնահատեց ձեռնարկին կազմակերպիչները։ Այս առթիւ Յարութիւն Քուրանի ներդրումին շեշտը դնելով յայտնեց, թէ՝ Նաւասարդեան Խաղերը այս բարձր մակարդակով իրականացած էին նաեւ հսկայ ներդրումովը Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան։ 

Մրցողներուն ալ խրատ մը տալով յայտնեց որ իւրաքանչիւր յաղթական անձ պէտք է դաս առնէ նաեւ պարտուողէն, որովհետեւ պարտուողներ իսկ առիթ ստեղծած են որ յաղթականներ իրենք զիրենք ճանչնան։ Այս առումով արդար խաղալու եւ մարմնամարզութեան հիմնական սկզբունքը յիշեցուց եւ ըսաւ որ մարզանքը միացնելու կարողութիւնը ունի։ Նաւասարդեան Խաղերու մէջ ահա այս գաղափարը ի յայտ եկած էր ու այս առումով արժանի՝ գնահատանքի։

Պատրիարք Հօր պատգամէն յետոյ, յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ Նաւասարդեան Խաղերու փակման հանդիսութեան մասնակից արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ կազմակերպման ընթացքին յատուկ ներդրում ունեցող անձերու։ Երբ իր աւարտին հասաւ մրցանակաբաշխութիւնը, յաջորդիւ կարգաւ բեմ բարձրացան Սօլանում Երիտասարդաց Խումբը, Մարալ Պարախումբը, Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճու, Արի Պարութօղլու եւ Պարթեւ Կարեան։

Մշակոյթով լի այս պահը մօտաւորապէս տեւեց երկու ժամ եւ յայտագիրը ժամը 00.00-ին իր աւարտին հասաւ։ Մշակութային յայտագրի պահուն բոլոր ներկաները թէ՛ միացան երգեցողութեանց եւ թէ մարզադաշտի վրայ շուրջպարերով միաւորուեցան։ 

Photo: Bolis Photo

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın