Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր պաշտօնակից «Փարոս» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս դժբախտութիւնը ունեցած է կորսնցնելու իր սիրեցեալ ամուսինը՝ Նաքի Սարիսը։ Յոյն համայնքի շրջանակներէն ներս շատ յարգուած, համակրանքի առարկայ դարձած անձնաւորութիւն մըն էր Նաքի Սարիս, որ կը զբաղէր առեւտուրով։ Հանգուցեալը Մայտա Սարիսի հետ միշտ հաճելի ներկայութիւն կը համարուէր նաեւ մեր համայնքային շրջանակներէն ներս։
Նաքի Սարիս վերջին շրջանին դժբախտաբար կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։ Իրեն համար ի սպաս դրուած բժշկական դարմանումը եւ ընտանիքին խնամքը մեղք որ մնացած են անբաւարար եւ ան անժամանակ ձեւով աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով հարազատները, ամբողջ ընտանիքն ու ընկերային շրջանակը։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Նաքի Սարիսի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք մեր սիրելի պաշտօնակից Մայտա Սարիսին, զաւկին, համայն ընտանիքին, ինչպէս նաեւ Հիլտա-Ալեքս Սոթիրիատիս ամոլին։
İlk yorum yapan siz olun