Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 21 Օգոստոս 2022, Կիրակի առաւօտ նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ արարողութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Ս. Պատարագը մատոյց՝ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլուի առաջնորդութեամբ եւ Սիրուն Սիրունեանի երգեհոնահարութեամբ Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու կողմէ։
Նախ քան հոգեհանգստեան արարողութիւնը, Մեր Հոգեւոր Պետը քարոզեց Ս. Աստուածածնայ Տօնին խորուրդին մասին, ըսելով որ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի կարգադրութեամբ Ս. Աստուածածինը կը տօնուէր 9 օրեր շարունակ։ Հետեւաբար Հայ Եկեղեցին կը շարունակէր կեդրոնանալ Ս. Աստուածածնայ խորհուրդին, որուն մէջէն այսօր կը ներկայանար «Մեծասցուսցէ» օրհներգանքը։
Մեր Հոգեւոր Պետը, յաջորդիւ ներկայացուց Ս. Աստուածածնայ ուղղեալ աղօթքներու նշանակութիւնը եւ այս առումով յայտնեց, թէ՝ Հայ Եկեղեցին Ս. Աստուածածնայ ուղղեալ իր աղօթքը կը կատարէ սուրբին բարեխօսութիւնը ընկալելու համար եւ ո՛չ թէ ուղղակիօրէն սուրբին աղօթելու տրամադրութեամբ։
Ապա շարունակեց ըսելով. «Երբ աղօթել կը սկսինք, յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ կաղապարը ցոյց կուտայ թէ մենք աղօթք կը բարձրացնենք առ Ամենասուրբ Երրորդութիւն։ «Ընկալ Տէր զաղանչանս մեր բարեխօսութեամբ Ս. Աստուածածնի» մաղթանքը երբ կ՚արտասանենք, ճիշտ է թէ օգնութիւնը կը խնդրենք սուրբին, սակայն մեր աղօթքը ուղղեալ է առ Աստուած։ Ուստի, ո՛չ ստորադասենք Ս. Աստուածածինը եւ ո՛չ ալ չափէն աւելի գովադասենք»։
Պատրիարք Հայրը, իր խօսքերուն մեր անդրադարձաւ նաեւ Երեւանի մէջ պատահած պայթումին, որուն որպէս հետեւանք քանի քանի անձեր կեանքի կորուստ ունեցած էին։ Այս առումով դէպքը յուզում պատճառած էր, յատկապէս Հայաստանէ եւ ընդհանրապէս հայաշխարհէն ներս։ Իսկ միւս կողմէ յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, Պատրիարք Հայրը ցաւակցագիր մը ուղղած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ իր յուզումը յայտնած՝ ցաւառիթ պատահարին կապակցութեամբ։
Պայթումին մասին յատուկ անդրադարձ մը եւս ունենալով, ըսաւ, թէ՝ ո՛չ ոք մահը կը սպասէ այսքան շուտ։ Չենք գիտեր, թէ՝ այդտեղ զոհուածները պատրաստ էի՞ն նման դէպքի մը, թէ ոչ մոռցած էին կեանքի իրողութիւնները։ Մահը անսպասելի ձեւով կը մօտենայ մարդ արարածին, սակայն երանելի է այն անձը որ, կարող է մահը դիմագրաւել հաւատքով ու յոյսով ի Յիսուս։ Այս առումով, այսօրուան արարողութեան ընթացքին հանգստեան աղօթքները կը բարձրանային իրենց հոգիներուն խաղաղութեան համար եւ այս առիթով Ս. Աստուածածնայ բարեխօսութեան եւ Տէր Յիսուսի ողորմածութեան։
Յաջորդիւ, Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգիստ եւ յիշատակուեցան Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնի պայթումի զոհերը, ինչպէս նաեւ Նաւասարդեան Խաղերու հիմնադիր Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքն ու հանգուցեալ Հայազգի մարզիկները։
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։ Մեր Հոգեւոր Պետը, սարկաւագաց ու դպրաց թափորով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ խորհրդարանը եւ առիթ ունեցաւ ներկայ ժողովուրդին իր օրհնութիւնը փոխանցելու եւ անոնց հետ զրուցելու։
Բաց աստի, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ Պատրիարքական Աթոռոյս ենթակայ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնի պայթումի հետեւանքով իրենց կեանքերը կորուսածներու հոգւոցն ի հանգիստ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ։
Մեր Հոգեւոր Պետը նաեւ յիշեց Նաւասարդեան Խաղերու առթիւ նախկին տարիներուն հաստատուած աւանդութիւնները, որոնց շարքին հանգստեան աղօթքով կը յիշատակուէին Հայազգի մարզիկները։ Նկատի ունենալով որ այս տարի, Գնալը Կղզիի մէջ տեղի ունեցած էր Նաւասարդեան Խաղերը, պէտք է մարզանքին հետամուտ մեր նախնիները հանգստեան աղօթով յիշատակուէին։ Այս տարուան Նաւասարդեան Փառատօնը լաւ առիթ էր որ սոյն աւանդութիւնը եւս վերահաստատուէր։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun