Գնալը Կղզիի մէջ, 19 Օգոստոս 2022, Ուրբաթ, փառաշուք հանդիսութեամբ սկիզբ առաւՆաւասարդեան Խաղերը։ Գնալը Կղզիին մէջ, Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի տեսչութեանշրջանին հաստատուած խաղերը, այս անգամ կազմակերպուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. ՊատրիարքՀօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ, ինչպէս նաեւ գլխաւոր օժանդակութեամբ Երիտասարդութեան եւՄարմնամարզութեան Նախարարութեան։
Գնալը Կղզիի համար աննախընթաց երեկոյթը իր բարձր ներկայութեամբ պատուեց ԱմենապատիւՍրբազան Պատրիարք Հայրը եւ ժամը 19.00ին հասաւ Կղզիի Հրանդ Պարսամեան ՄարզանքիԴաշտը։ Մեր Հոգեւոր Պետը դաշտի կողքին ճաշարանի մը մէջ կանգ առաւ եւ զրուցեց ներկայպաշտօնական հիւրերուն հետ։ Այնուհետեւ Նաւասարդեան Խաղերու մասնակցելու համարփութացած էին Ստանպուլի Կուսակալի օգնական՝ Նիյազի Էրթէն, Կղզեաց Գաւառապետ Տքթ. Մուսթաֆա Այհան, Ստանպուլի Երիտասարդաց Մարզանքի Տնօրէն Փրոֆ. Տքթ. ՊուրհանէտտինՀաճըճաֆէրօղլու, Թուրքիոյ Ոտնագնդակի Դաշնութեան Գործադիր Խորհուրդի Նախագահ եւԹուրքիոյ Ամաթէօր Մարզական Խումբերու Ընդհանուր Նախագահ Ալի Տիւշմէզ, ԱՔ ԿուսակցութեանԿղզեաց Նախագահ Սինա Շէն։
Մեր Հոգեւոր Պետին կողքին էին Իշխանաց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, ՊատկառելիԿրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Արժ. Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պչաքճեան եւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Բաց աստի, ներկայ էին նաեւ Գարակէօզեան Խնամակալութեան Ատենապետ ՏիգրանԿիւլմէզկիլ, Գնալը Կղզիի Լողաւազանի Վարչութեան Նախագահ Փրօֆ. Տթք. Էմրէ Պուչքին, ԹաքսիմՄարմնամարզական Խումբի Նախագահ Կարօ Համամճեան, Լոյս Մէտիայէն Արամ Քուրան։
Ժամը 20.00-ին Պատրիարք Հայրը, մուտք գործեց Հրանդ Պարսամեան Մարզադաշտէն ներս, երբդաշտի մէջ կը տիրապետէր մեծ ոգեւորութիւն։ Տեղադրուած էր մեծ բեմ մը եւ դաշտըպատրաստուած էր թէ՛ հանդիսութեան եւ թէ՛ խաղերու համար։ Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւտեսաերիզի մը ցուցադրութեամբ, որուն մէջ տեղեկութիւններ կը տրուէր «Նաւասարդեան»ի եւ իրհետ առընչուած աւանդութեանց մասին։ Ապա, բեմ բարձրացան հանդսավարներ ՔարօլինՄամիկոնեան եւ Ճէյհուն Եըլմազ, որոնք թէ՛ Հայերէնով եւ թէ՛ Թրքերէնով ողջունեցին ներկաները։Մինչ այդ, Նաւասարդեան Խաղերու Գնալը Կղզիի մէջ հաստատման պատմութեան, անցեալիկիրառումներուն, Կղզեաց Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի ունեցած մեծ ներդրումին, Գնալը Կղզիիմերազն ժողովուրդին մասնակցութեան մասին տեղեկութիւններ տրուեցան։ Յայտնուեցաւ նաեւ թէսոյն խաղերուն ո՛չ միայն հայ երիտասարդներ, այլ նաեւ Թուրք, Հրեայ, Յոյն եւ Ասորիերիտասարդներ եւս կը մասնակցէին եւ Նաւասարդեան Խաղերը կը ներգրաւէր զանազանմշակոյթներէ երիտասարդները։ Այս մէկը առիթ կը դառնար որ միասնականութեան շեշտադրումըանգամ մը եւս դրուէր մարզական ճամբով։
Ապա, Պատրիարք Հայրը բեմ բարձրացաւ եւ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Մեր ՀոգեւորՊետը, առաջին հերթին իր ուրախութիւնը յայտնեց նման կազմակերպութեան մը իրականացածըլլալուն համար։ Նաւասարդեան Խաղերու մասին խօսելէ առաջ անդրադարձաւ Նաւասարդամսուան նշանակութեան, յայտնելով թէ՛ ըստ Հայոց հին տոմարի, Նաւասարդը ծանօթ էր, որպէստարուան առաջին ամիսը եւ այս առիթով հին ժամանակներուն մշակութային բազմապիսիաւանդութիւններ հասատատուած էին։
Յաջորդիւ անդրադարձաւ Գնալը Կղզիէ ներս Նաւասարդեան աւանդութեանց, բան մը որ տարիներառաջ հաստատուած էր Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի Կղզեաց Տեսուչ եղած ժամանակ։ Այսօրերուն, հաստատուած աւանդութիւնը բաւականին ընդունելութիւն գտած էր Գնալը Կղզիի մէջ, սակայն դժբախտաբար շրջան մը յետոյ ակամայ ընդհատուած։ Այս տարի, կատարուած մեծհանդիսութիւնը հետեւաբար, Կղզիէ ներս եկեղեցիի առաջնորդութեամբ կատարուածաւանդութեան մը շարունակութեան բնոյթը ունէր։
Մեր Հոգեւոր Պետը իր խօսքերու մէջ անդրադարձաւ նաեւ կազմակերպչական հանգրուաններուն, որուն մէջ յատուկ գնահատանքի արժանի էր համայնքիս երիտասարդ ուժերէն Յարութիւն Քուրանիեւ Ռաֆֆի Քալքի այս ուղղութեամբ ունեցած տեսլականը։ Այս առումով յայտնեց որ անցեալ տարիհամավարակի պատճառաւ յետաձգուած ծրագիրը, այս տարի կեանքի կը կոչուէր, որուն մէջնիւթական եւ բարոյական հսկայ ներդրում կ՚ունենար Երիտասարդութեան եւ ՄարմնամարզութեանՆախարարութիւնը։ Այս առթիւ Պատրիարք Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնականմարմիններուն այս գործնական աջակցութեան համար, որմէ յետոյ շեշտաւորեց մարզանքինմիաւորող յատկութիւնը եւ մաղթեց որ այս խաղերու մէջ յայտնուած միասնականութեան ոգին, տարածուի հանուր երկրէն ներս։
Սրբազան Պատրիարք Հօր պատգամէն յետոյ Մեր Հոգեւոր Պետին յանձուեցաւ յուշանուէր մը, որունմէջ զետեղուած է ձայնասկավառակ մը եւ տուտուկ մը։ Յաջորդիւ, պատկան մարմիններու եւսյանձնուեցան յուշանուէրներ ու անոնք եւս իրենց սրտի խօսքերով հանդէս եկան ու ջատագովեցինայս կազմակերպութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր կազմակերպիչներուն։ Բաց աստի, մասնակից մարզանքի խումբերու նախագահներուն, ինչպէս նաեւ օժանդակկազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն տրուեցան յուշանուէրներ։
Յուշանուէրներու յանձնումէն յետոյ կարգաւ բեմ բարձրացան Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճու, ԱրիՊարութօղլու եւ Մարալ Պարախումբը։ Այս առթիւ գործադրուեցաւ երաժշտական եւ պարի կարճյայտագիր մը, որ հրահրեց ներկայ ակնդիրներու տրամադրութիւնները։ Յաջորդիւյայտարարուեցաւ թէ, նոյն արուեստագէտները Կիրակի օրը աւելի երկար առիթը պիտի գտնենփակման հանդիսութեան առթիւ հանդէս գալու երգով ու պարով։
Բացման հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ, ոտնագնդակի խաղերու խորհրդանշականբացումով, զոր կատարեց Մեր Հոգեւոր Պետն ու Ալի Տիւշմէզ։ Յաջորդիւ, Մեր Հոգեւոր Պետը, կրկինանգամ համախմբուեցաւ մերձաւոր ճաշարանին մէջ եւ խաղերու ընթացքին մասին զրուցելուառիթը ունեցաւ ներկայ պաշտօնական հիւրերու հետ։
Բաց աստի, խաղերու ընթացքին հեռախօսով կապ հաստատեց Երիտասարդութեան եւՄարմնամարզութեան Նախարար Տքթ. Մէհմէտ Քասափօղլու եւ զրոյց ունեցաւ ՍրբազանՊատրիարք Հօր հետ։ Յարգելի նախարարը այս առթիւ յայտնեց որ վերջին պահուն ակամայ կըբացակայէր խաղերու բացման հանդիսութենէն, բայց եւ այնպէս կը հետեւէր հանդիսութեան մասինկատարուած զարգացումներուն եւ այս առթիւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց կատարուածհանդիսութեան կազմակերպութեան համար։ Մեր Հոգեւորը կրկին անգամ շնորհակալութիւնյայտնեց պաշտօնական մարմիններու եւ յատկապէս նախարարութեան ցուցաբերած ջերմհետաքրքրութեան համար, որուն որպէս արդիւնք Գնալը Կղզիի մէջ կազմակերպուած էրաննախընթաց փառատօն մը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun