Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան այսօր երեկոյեան հրաժեշտ կ՚առնէ քաղաքէս։ Ան Երեւան կը վերադառնայ աւարտած ըլլալով իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Իսթանպուլի մէջ։ Վերջին տարիներուն Նաղաշ Յակոբեան անմիջական գործակիցն էր ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի։ Նաղաշ Յակոբեան պաշտօնավարութեան շրջանին քաղաքիս մէջ ապրեցաւ իր կողակցին՝ Սթելլա Սարգսեանի եւ զաւակներուն հետ։
Դիւանագիտական աշխատանքի նկատմամբ լրջութեան առընթեր, Նաղաշ Յակոբեան պաշտօնավարութեան տարիներուն սիրտը գրաւեց նաեւ համայնքային շրջանակներուն, որոնց հետ մշակած էր սերտ կապեր։ Այժմ բոլորը իրեն հրաժեշտ կու տան՝ մաղթելով դիւանագիտական ասպարէզի մէջ ապագայ յաջողութիւններ։
Ինչպէս ծանօթ է, Նաղաշ Յակոբեան վերջին շրջանին հրաժեշտի պաշտօնական այցելութիւն մըն ալ տուած էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։
http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F19-08-2022-յակոբեան-հրաժեշտ-կ՚առնէ-քաղաքէս
İlk yorum yapan siz olun