Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի Անուան Մարմնամարզական Փառատօնը, 19 Օգոստոս 2022, Հինգշաբթի, երեկոյեան Գնալը Կղզիի մէջ մեծ ոգեւորութեամբ եզրափակուեցաւ։ Հրամանաւ ու օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կազմակերպուած փառատօնը սկսած էր 15 Օգոստոսին եւ չորս օրեր յետոյ արդէն իսկ կը հասնէր իր աւարտին, բազմաթիւ պատանիներ ի մի համախմբած ըլլալով։ Հանդիսութիւնը նաեւ Կազդուրման Կայանի տարեվերջի հանդիսութիւնը ըլլալու բնոյթը ունէր։
Սոյն հանդիսութեան նախագահեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանը եւ Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլուն։ Ներկայ էին նաեւ Կազդուրման Կայանի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Արի Չօլաք եւ գործակից ընկերները, Տնօրէնուհի՝ Լիզա Չօլաքօղլուն, ինչպէս նաեւ խաղերու մասնակից մանուկներն ու ծնողներ։
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ ժամը 21.30-ին, երբ Պատրիարք Հայրը, «Էջ Միածին» շարականի նուագակցութեամբ մուտք գործեց կայանի պարտէզէն ներս։ Յաջորդիւ Արբէն Չնարի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ կարճ յայտագիր մը։ Նախ սփռուեցաւ, Մեսրոպ Պատրիարքի ամէնէն շատ սիրած հոգեւոր երգերէն «Նախ Խնդրեցէք» երգը։
Ապա, յանուն Կայանի, իր սրտի խօսքը արտասանեց Արի Չօլաք եւ կազմակերպուած փառատօնի առիթով իր ուրախութիւնը յայտնեց։ Ըսաւ, թէ՝ այս խաղերը ինչու ձօնուած էին Մեսրոպ Պատրիարքի անուան։ Երանաշնորհ Պատրիարքը բացի իր հոգեւորականի հանգամանքէն, նաեւ կարեւորութիւն կ՚ընծայէր մարմնամարզութեան եւ երիտասարդները կը քաջալերէր այս ուղղութեամբ։
Իր խօսքին մէջ, նաեւ որդիաբար երախտագիտութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Պատրիարք Հօր, որուն օրհնութեամբ ու հովանաւորութեամբ կ՚իրականանար այս փառատօնը, Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հայր Սուրբին եւ Կազդուրման Կայանի համագործակցութեամբ։ Այս առթիւ, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն։
Ապա, շնորհաւորագրեր բաժնուեցան նաեւ Կազդուրման Կայանէ ներս որպէս քոյրիկ ու աղբարիկ պատօնավարած երիտասարդներուն։ Սրտի խօսքէն յետոյ, Միռնա Չօլաքի առաջնորդութեամբ Կազդուրման Կայանէ տղաք բեմ բարձրացան ու երգեցին Իտալերէն երկու երգ։
Ապա, բեմ բարձրացաւ Յարութիւն Վարդապետ եւ իր հանդիսավարութեամբ գործադրուիլ սկսաւ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը։ Հայր Սուրբը, նախ յանուն Կղզեբնակ ժողովուրդին որդիաբար շնորհակալութիւն յայտնեց, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, որուն օրհնութեամբ կը կազմակերպուէր Մեսրոպ Պատրիարքի անուան ձօնուած եւ մանկանց ուղղեալ այս փառատօնը։ Այս առթիւ, ներկայացուց չորս օրերու ընթացքին կատարուած աշխատութիւնները եւ այս բոլորին մէջ կարեւորեց Ռաֆֆի Քալքը, որ եղած էր խաղերու կազմակերպութեան մէջ կարեւոր պաշտօն ստանցնած երիտասարդներէն գլխաւորը։
Սոյն յայտարարութիւնը ընելէ յետոյ, տակաւ առ տակաւ բեմ հրաւիրեց վոլէյպոլի, պասքէթպոլի, սեղանի թէնիսի, ճատրակի, ոտնագնդակի մարզերու աստիճանակիրներն ու դափնեկիրները։ Մրցումներու մէջ ներդրում ունեցած անձանց եւս նուիրուեցան շնորհաւորագրեր։ Մեր Հոգեւոր Պետը նուիրեց վոլէյպոլի մարզէ ներս աստիճան ստացած պատանիներու մրցանակները։ Բաց աստի ոտնագնդակի մրցումները ձօնուած էին Փրօֆ. Տքթ. Յակոբ Կոթողեանի, իսկ պասքէթպոլը՝ Կարօ Քալէնտէրի յիշատակներուն։
Մրցանակաբաշխումի աւարտին Մեր Հոգեւոր Պետը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն եւ իր գնահատանքը յայտնեց մասնակիցներուն։ Յայտնեց որ Մեսրոպ Պատրիարքը յիշատակելու համար գեղեցիկ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն հիմքը դրուած էր 2019ին, իսկ համավարակի յաջորդող շրջանին երկրորդ աւանդական փառատօնը արդէն իսկ կեանքի կոչուած էր։ Այս առումով, յայտնեց որ համավարակի յաջորդող շրջանին մենք հասկցած էինք որ, մարդ արարածը պէտք է քով քովի գայ եւ եղբայրութիւն կազմէ ու սէր փոխանցէ։
Հետեւաբար, սոյն ձեռնարկը լաւագոյնս ցոյց տուած էր պատանիները ի մի համախմբելու կարեւորութիւնը, որուն որպէս արդիւնք տասնեակ մանուկներ սէր տարածած էին շրջակայքին ու այս դրական պատկերին մէջ էր որ կը յիշատակուէր Մեսրոպ Պատրիարքը։ Յայտնեց, թէ՝ մարդիկ կարեւոր գործերով կը յիշատակուին նոյնիսկ իրենց անծանօթ ըլլան շատեր եւ տեսած իսկ չըլլան։
Հետեւաբար այս հանդիսութիւնը, իր աւանդական բնոյթով պիտի նպաստէր որ Մեսրոպ Պատրիարքի անունն ու գործունէութիւնը մնար մշտական մեր մօտ։ Պատրիարք Հայրը նաեւ գնահատեց Կազդուրման Կայանի առաքելութիւնը, որուն մէջ վարչութիւնը, տնօրէնութիւնը, Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հայր Սուրբին հետ միատեղ աշխատակցելու եւ ծրագիրներ մշակելու յաջողութիւնը ունեցած էին։
Մեր Հոգեւոր Պետը, իր խօսքերը աւարտեց հետեւեալ ձեւով. «Եկէ՛ք լոզունք մը կրկնենք, այս տարուան աւարտին։ Յաջորդ տարի աւելի լաւը պիտի ընենք»։
Պատրիարք Հօր խօսքէն յետոյ, սփռուեցաւ ժողովրդական երգեցողութիւն եւ Աւանդական Պարախումբի մասնակցութեամբ, կայանի տղաքն ու հսկիչները շուրջպարեցին եւ բարձր տրամադրութեամբ իր աւարտին հասաւ հանդիսութիւնը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun