ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ հանդիպում-զրոյց մը ունեցանք հայազգի մտաւորական, բժիշկ, արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման անխոնջ մշակ Յակոբ Այնթապլեանին հետ:
Մամուլի մէջ կարդացած էինք, հեռատեսիլէն լսած էինք տքթ. Այնթապլեանի մտահոգութիւնները՝ լեզուի պահպանման, հայրենատիրութեան, ազգային հարցերու եւ վերջապէս բարեկեցիկ ու օրինապաշտ հայրենիք մը ունենալու հարցերուն շուրջ: Առիթը ներկայացաւ մօտէն ծանօթանալու երախտաւոր մտաւորականին հետ, որ մեզի պատմեց իր գործունէութեան մասին եւ ներկայ աշխատանքները ներկայացնելով, ուրախութեամբ յայտնեց, որ իր նախաձեռնութեամբ պետական ծրագիրով վերջապէս այս սեպտեմբերէն սկսեալ Երեւանի դպրոցներէն մէկուն՝ Աւանի Յակոբ եւ Լուտուվիկա Այնթապլեան 87-րդ միջնակարգ դպրոցին մէջ կը սկսին արեւմտահայերէնի խորացուած դասընթացքներ: Բժիշկ-հայագէտը նպատակ ունի Հայաստանի մէջ տեսնել գոնէ այդպիսի տասնհինգ դպրոց, ուր արեւմտահայերէնը, գրաբարը, հայոց պատմութիւնը, հայրենաճանաչութիւնը, ազգային ոգին ըլլան առաջնային եւ այդ դպրոցները աւարտողները, ո՛ր բնագաւառէն ներս ալ գործեն, իրենց մէջ ունենան մեր լեզուն, պատմութիւնը, գրականութիւնը սիրելու ու զայն տարածելու ճիգը:
Յակոբ Այնթապլեան բերաւ իր անձնական օրինակը, որ, բժիշկ ըլլալով, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին գործած է այդ ոգիով, որ կար ի սկզբանէ եւ ժամանակին հետ աւելի ամրացած է: Այդ հարցին մէջ մեծ դեր խաղացած է Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը, որ ան աւարտած է բարձր նիշերով եւ կ՚ըսէ, թէ այդ վարժարանը աւարտած ամէն ոք, խորքին մէջ արդէն հայագէտ է:
Յակոբ Այնթապլեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1939 թուականին։ Իր հայրը՝ Գէորգը եւ մայրը՝ Մարիամը, ծնած են Հռոմկլա, Կիլիկիա: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Վարդանեան վարժարանը, ապա Հալէպի Մխիթարեան վարժարանը՝ 1953-1954 թուականներուն։ Իր ուշիմութեան եւ ջանասիրութեան շնորհիւ, վարժարանի տեսչութիւնը, իտալաբնակ բարերար Երուանդ Հիւսիսեանի հովանաւորութեամբ, զինք կ՚ուղարկէ Վենետիկ՝ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը, որ կ՚աւարտէ 1958-ին՝ բարձրագոյն նիշերու արժանանալով: Տեսչութիւնը նոյն բարերարին հովանաւորութեամբ կը յատկացնէ համալսարանական կրթաթոշակ։
Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը ուսանած շրջանին հակում կ՚ունենայ գրականութեան, հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան եւ գեղարուեստի։ Կը վարէ վարժարանի «Կռունկ» պարբերականին քարտուղարի պաշտօնը, միաժամանակ կը թղթակցի Փարիզի «Յառաջ» թերթին: Իր ընթերցասիրութեան եւ ուսումնասիրութեան համար վարժարանի գրադարանին վարիչ կը նշանակուի։ Կը յաճախէ Հռոմի պետական համալսարանը, ուր երեք տարի ձրի կ՚ուսանի իր բարձր նիշերուն համար եւ կը հետեւի բժշկութեան մասնագիտութեան։ Համալսարանական ուսումը աւարտելով՝ կ՚ամուսնանայ իրանահպատակ Լուտովիկա Թադէոսեանին հետ՝ Վատիկանի մէջ, հայկական ծէսով, Ս. Ղազարէն ուղարկուած Մխիթարեան միաբանի պսակադրութեան ծիսակատարութեամբ՝ 1966 թուականի սեպտեմբերին։
Միացեալ Նահանգներու բժշկութեան պետական քննութիւնը հեռակայ կարգով Հռոմի մէջ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք՝ 1966-ին, կ՚ընդունուի Նիւ Եորքի «Լոնկ Այլընտ Ճուիշ մետիքըլ սենթըր»՝ իր մասնագիտութիւնը շարունակելու ներքին հիւանդութիւններու եւ սրտաբանութեան ճիւղին մէջ (1966-1973):
Մասնագիտութիւնները աւարտելէ ետք կը մնայ նոյն հիւանդանոցին մէջ որպէս սրտաբանութեան տնօրէնի օգնական՝ վերահսկելով սրտաբանութեան եւ անօթագրութեան մասնագիտացողներուն եւ միեւնոյն ատեն հետազօտութիւններ կատարելով։
Մինչեւ 1980 թուականը առանձին եւ խմբովին կը հրատարկեն 27 սրտաբանական գիտական յօդուածներ, որոնցմէ 12-ը կը ներկայացուի ամերիկեան եւ միջազգային տարեկան համաժողովներուն։ 1980-ին կը հրաւիրուի «Իսթ Թենըսիի» համալսարանի սրտաբանութեան եւ անօթագրութեան բաժինը վարելու՝ որպէս տնօրէն եւ օգնական փրոֆեսէօրի տիտղոսով։
Ծնողքը եւ եղբայրները կը տեղափոխուին Գալիֆորնիա, որոնց կը միանայ կնոջ հետ եւ բժշկական դարմանատուն մը կը հիմնէ 1981 թուականին՝ Հոլիվուտի եւ Կլենտէյլի մէջ։
Հայկական միջավայրի մէջ յօդուածներով, բանախօսութիւններով եւ հեռատեսիլի ելոյթներով կ՚անդրադառնայ ազգային պահանջատիրութեան, ազգային գաղափարախօսութեան, հայոց լեզուի եւ իր մասնագիտական՝ սրտանօթային հարցերուն:
Հայաստանի երկրաշարժէն եւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութենէն տուժած ընտանիքներուն եւ անոնց զաւակներուն տարիներով նպաստած է Հայաստանի ընկերային ապահովութեան նախարարութեան միջոցով։
Ծնողազուրկ եւ կարիքաւոր 104 ուսանողներու համալսարանական ծախսերը հոգացած է, որոնք մասնագիտացած են իրաւաբանութեան, բժշկութեան, երաժշտութեան, հաշուապահութեան, վարչարարութեան, մանկավարժութեան, բազմարուեստից համալսարանի եւ այլ ճիւղերու մէջ։
Սերտօրէն գործակցած է Սփիւռքի կոմիտէի, Կ. Տալլաքեանի, Համազապեանի, Վ. Դաւիթեանի եւ այլ պետական անձերու հետ, անհատներու միջոցով դեղօրայք ուղարկելով Հայաստանի երկրաշարժէն մինչեւ 1996 թուականները։
Յակոբ Այնթապլեան նաեւ հանրային եւ միութենական գործունէութիւն ունեցած է Գալիֆորնիոյ մէջ. ան «Նաւասարդ» գրական-մշակութային պարբերականի խմբագրական կազմի անդամ եւ այդ միութեան բարերար եղած է, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան մշակութային միութեան ատենապետ եւ ատենապետ Լոս Անճելըսի Հայ միութեան (Իրանահայ միութեան): Նշանակալի է նաեւ իր բերած աւանդը կրթական կեդրոններու եւ եկեղեցաշինութեան մէջ: Տքթ. Այնթապլեանի հովանաւորութեամբ Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանին մէջ հիմնուած է «Արեւմտահայերէնի, գրաբարի եւ հայագիտութեան Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան գիտահետազօտական ուսումնական կեդրոն», տքթ. Յակոբ եւ Լուտովիկա Այնթապլեանի անունով կեդրոն մըն ալ պիտի հիմնուի Էջմիածինի մէջ, որ պիտի ծառայէ արեւմտահայերէնի, գրաբարի ուսուցման եւ յառաջած համակարգչային տեղայնութեան ուսուցման:
Աջակցած է Արցախի Աստղաշէնի եկեղեցւոյ նորոգութեան, բազում գիրքերու, հեռատեսիլային հաղորդումներու, լրատուամիջոցներու, մշակութային միութիւններու գործունէութեան՝ հաւատալով հայ գիրի եւ խօսքի առաջամարտիկներուն:
Յակոբ Այնթապլեան վաղուց արդէն, իբրեւ բժիշկ, հանգիստի կոչուած է եւ աւելի մեծ ժամանակ յատկացուցած է ազգային հարցերուն: Այսօր այդ գործին լծուած է ամբողջութեամբ:
Հայաստան յաճախակի այցելելով, ան պարբերաբար հանդիպումներ կ՚ունենայ պետական մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ փորձելով յառաջ տանիլ իր գաղափարները եւ Հայաստանը տեսնել իր եւ իր համախոհներուն դաւանած գաղափարներուն հաստատման երկիրը:
*
-Պարոն Այնթապլեան, դուք միշտ խօսելով մաքուր հայերէնով հայկական միջավայրի, օրէնքներու գերակայութեան, կիրթ ու ազգային ոգիով, առողջ ապրելակերպով մարդոցմով լեցուն Հայաստանի մասին, կարծես երազային երկրի մը մասին կը խօսիք: Որքա՞ն իրական է երազէն դէպի ճշմարիտ եղելութիւն տանող ճանապարհը:
-Երազային տուներ կը շինեն, երազային խանութներ կը բանան, երազային հագուստ կը կարեն, երազային գեղագիտական քիթեր, շրթունքներ եւ դէմքի այլ մասեր կը ստանան, իսկ ինչո՞ւ չջանալ ունենալ երազային երկիր մը եւ ազգայինի հիմքը կազմող լեզուն կարգի բերելով՝ տարածել ազգային գաղափարախօսութին: Պետութիւնը ինքը պիտի ստանձնէ այդ գործը եւ հանրային հեռատեսիլին, դպրոցներուն մէջ, պետական կառոյցներուն մէջ քարոզ կատարելով հասնի ազգային գաղափարախօսութեան գերակայութեան, որ է՝ լեզուի պահպանութիւնը եւ յարակից բոլոր հարցերը, իսկ ով որ հակառակ գործէ՝ պէտք է տուգանուի եւ մենք այն ժամանակ կը զգանք փոփոխութիւնը: Ես այսօր քանի մը նպատակ ունիմ՝ երկու հայերէններու միաձուլում, հայերէնի ուղղագրութեան միասնականացում, լեզուն անհարկի օտար բառերէ ազատագրում, Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու ինքնութեան հարցերու հաստատում եւ այլն: Ասոնք մէկը միւսին առընչուող հարցեր են: Շատեր հոս տրամադիր են, բայց հարցերը պէտք է այլ մակարդակով լուծուին: Իմ նպատակս է հասնիլ անոր, որ երկու կաթողիկոսները եւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի հարցերով նախարարութիւնը համաձայնին: Այն ժամանակ մենք քերականութեան գիրք մը կը հրատարակենք եւ երբ պետական մակարդակով որոշում ըլլայ, այդ գիրքն ալ կ՚ընդունուի դպրոցներուն մէջ:
Շուտով վերջնականապէս Հայաստան փոխադրուելու ծրագիր ունիմ եւ մենք յանձնախումբ կազմելով, քայլ առ քայլ պիտի իրականացնենք այդ նպատակները:
Տարիք մը կու գայ, որ նպատակներու պիտի ծառայես, այլապէս անիմաստ է ապրիլ՝ թիկնաթոռին վրայ հանգիստ հեռատեսիլ դիտելով:
-Իսկ Հայաստանի այսօրուան վիճակը, հայութեան բազում այլ մտահոգութիւնները, որ կան, ձեզ չի՞ յուսահատեցներ:
-Լաւագոյն բանաստեղծութիւնները բանաստեղծները մտայղացած եւ գրած են, երբ հոգեկան տագնապի մէջ եղած են: Մեր գրականութեան լաւագոյն գործերը ստեղ-ծըւած են, երբ աղքատութիւն էր, ընտանիքներու գաղթ, կորուստ: Ի՞նչ արգելք կայ ներկայիս, որ նման լեզուական ծրագիր մը յառաջ գայ, թերեւս այս մէկը նաեւ միջոց է այս վիճակը աւելի դիւրին յաղթահարելու: Երբ լեզուական միաձուլումի հարցը լուծուի՝ սփիւռքահայ, արեւելահայ միաձուլում ըլլայ, հոգեկան վերածնունդ ալ կը յառաջանայ, ինքնութեան արտացոլում մը մէջտեղ կու գայ: Այդ կերպով պէտք է մօտենալ հարցերուն եւ չյուսահատիլ որեւէ նեղ կացութենէ:
-Հասարակութիւնը պատրա՞ստ է լեզուական փոփոխութիւններու, կրթական նման բարեփոխումներու, չէ՞ որ բազում տպագրութիւններ իրականացուած են խորհրդային ուղղագրութեամբ, այլ մտածողութեամբ:
-Եթէ ծրագիրը սկսի հիմա, ապա մենք ատոր արդիւնքները կը տեսնենք ապագային: Մանկապարտէզներէն, նախակրթարաններէն իսկ պէտք է սկսիլ յառաջ տանիլ այս հարցերը, մինչեւ որ անոնք երկրորդական վարժարան հասնին, 10-15 տարի պէտք է: Ներկայ սերունդը պէտք է շարունակէ, ինչպէս հիմա կը շարունակէ, ես գալիք սերունդին վրայ կը դնեմ իմ յոյսս եւ շեշտս եւ յաջորդ սերունդներն է, որ պէտք է որդեգրեն այս բարեփոխումները:
Հայաստանցի ակադեմականները ճիշդ ձեւով չէին բացատրեր մաշտոցեան ուղղագրութեան ներմուծման հարցը, կը յայտարարէին, թէ ժողովուրդը անգրագէտ պիտի դառնայ, մինչդեռ 15 օրէնք է ընդամէնը այդ ուղղագրութիւններուն տարբերութիւնը, որ նոյնիսկ մէկ շաբթուան մէջ կարելի է սերտել: Սխալ հիմքի վրայ չէ դրուած մեսրոպեան ուղղագրութիւնը, օտարները կը հիանան այդ ուղղագրութեամբ, անոր բառակազութեամբ եւ լեզուական հարցերով: Ես վստահ եմ, որ հայը ուշիմ է, գիւտարար է, հնարամիտ է եւ շատ արագ կը ջանայ հասկնալ նորին, յառաջադէմին եւ ազգայինին օգուտը: Մենք մեր ունեցած զէնքերով պիտի պայքարինք, որպէսզի նախ նախարարութիւնը համոզուի, որ մենք իրենց չըսենք՝ ստիպուած էք այս մէկը ընելու, այլ երկկողմանի յանձնախումբեր կազմուին: Իրենք իրենց փաստերը թող բերեն, մենք՝ մեր փաստերը: Ջանանք հասկնալ իրարու՝ ինչո՞ւ երկու ճիւղ պիտի ունենանք, ի՞նչ է ներկային առաւելութիւնը, ի՞նչ է ապագային ազգային շահը այդ առումով: Երկուութիւնը կը յանգեցնէ երկպառակութեան, խտրութեան:
Ես արեւելահայերէնին հետ հարց չունիմ, իմ տիկինս իրանահայ է, մինչեւ հիմա ինք արեւելահայերէն կը խօսի, ես՝ արեւմտահայերէն, արեւելահայ գրականութիւնը ես ծայրէ ծայր կարդացած եմ: Իմ մտահոգութիւններս եւ ծրագիրներս լեզուն մերձեցնելու, օտարաբանութիւններէն մաքրելու, մաքուր խօսք տարածելու, լատինատառ հայերէնը համացանցին վրայ արգիլելու եւ սփիւռքահայուն ինքնութիւնը Հայաստանի մէջ պահելու առումով են:
Մեծ մտահոգութիւն են օտարաբանութիւնները: Հայաստանի մէջ տպուած եւ լաւագոյն նկատուող բառարաններուն մէջ անհարկի կերպով հազարաւոր օտար բառեր ներմուծուած են այն պարագային, երբ մենք այդ բառերուն հայերէնները ունինք: Եւրոպական ամենաաղքատ լեզուներէն մէկն է ռուսերէնը, որ նոյնպէս այլ լեզուներէ առած է իր բառերը: Ինչո՞ւ հայը ռուսերէնէն պիտի առնէ եւ գործածէ իր լեզուի բառերուն մէկ մասը: Խոհրդային տարիներուն աւանդոյթներ կային, բայց հիմա մենք ունինք ազատ անկախ Հայաստան, ուր օտարաբանութիւններուն դէմ խիստ քայլեր պէտք է առնուին, տուգանքներ, նկատողութիւններ կիրարկուին: Մենք փրոֆեսէօր, յայտնի լեզուաբան Արտեմ Սարգիսեանի հետ միասին բառարան կազմած ենք, Ստեփան Մալխասեանցի եւ Աղայեանի բառարաններուն մէջէն վերացուցած ենք օտար բառերը եւ նոր բառեր կազմած ենք: Այդպիսի ուրիշ նախաձեռնութիւններ ալ կան, կը մնայ, որ ատոնք որդեգրուին Հայաստանի մէջ եւ տարածուին:
-Դուք նաեւ պայքար կը մղէք, որ սփիւռքահայերուն հայաստանեան անցագիրներուն մէջ իրենց անուն-մականունները գրուին իրենց գիտցած ձեւով: Ի՞նչ յառաջընթաց կայ այդ առումով:
-Այդ պայքարը ամէնուր կը տանիմ՝ Լոս Անճելըսի հայաստանեան հիւպատոսարանէն սկսեալ, մինչեւ Հայաստանի պատկան մարմինները: Բազմաթիւ սփիւռքահայեր կը դիմեն հայաստանեան անցագիր ունենալու, բայց անոնց անունները կ՚աղաւաղուին այդ անցագիրներուն մէջ՝ գրուելով խորհրդային ուղղագրութեամբ, ինչ որ տարբեր է մարդուն, ամբողջ կեանքին ընթացքին, գիտցած անունէն: Իսկ այդ մէկը իր ինքնութեան մաս կը կազմէ:
Մարդիկ իբրեւ ինքնութիւն, իրենց անունները կը տեսնեն այնպէս ինչպէս ծննդեան օրէն սկսեալ գրուած է իրենց փաստաթուղթերուն մէջ, ինչո՞ւ փոխել մարդուն անունին գրելաձեւը, որ իր արեւմտահայ ծագումին վկայութեան եւ սփիւռքահայ զգալուն հարցն է: Հիմա ես հասայ անոր, որ իմ անուն մականունս իմ անցնագրիս մէջ կը գրուի ի՛մ ձեւով, բայց ատոր հասայ ոչ օրինական ճանապարհով (ծանօթներ եւ այլն), իսկ միւսները ինչպէ՞ս պիտի գտնեն միջոցը: Եթէ օրէնք չկայ, ինչո՞ւ կը պարտադրեն: Այս առումով նոյնպէս հանդիպումներ կ՚ունենամ, կը ջանամ օրէնքի տեսքով ամրագրել տալ այս հարցը:
Եթէ այս հարցերուն առումով Հայաստանը սկսի բարելաւում գործադրել, երկրին մէջ հոգեմտաւոր բարեփոխում մը տեղի կ՚ունենայ, հայրենադարձութիւն ալ կ՚ըլլայ, հայրենիքը սփիւռքահայուն համար այլ գրաւչութիւն մը կը ստանայ: Հայաստանի հայը սփիւռքահայը պիտի նկատէ քոյր, եղբայր, նոյն ընտանիքի անդամ, ոչ թէ սփիւռքահայը մօտենայ ապրանքի մը արժէք հարցնելու եւ կրկնակի, քառակի սուղ գին ուզուի իրմէ: Հոգեկան խաթարում կայ եւ այս առումով մեծ դեր ունին հեռատեսիլն ու դպրոցը, որոնց ալ կը ջանանք հասնիլ բոլոր միջոցներով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
İlk yorum yapan siz olun