Համայնքային շրջանակներէն ներս ուշադրութեան առարկայ մնալ կը շարունակէ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ առնուած քայլը, որով ինքնագլուխ եւ սահմանափակ մասնակցութեամբ ընտրութեան ձեռնարկելու ճանապարհը որդեգրուած է։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեամբ հաստատուած է շրջանային համակարգ մը։ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) հարթութեան վրայ ալ համապատասխան աշխատանք տարուած է, որպէսզի ըստ ընտրաշրջաններու գործեն համատեղ ընտրական մարմիններ։ Այս ամբողջ աշխատանքը մէկ կողմ թողլով, շեղելով ներառական ընտրութիւն մը կազմակերպելու ուղղեալ հասարակաց գետնէն, Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որդեգրած է ինքնագլուխ ճանապարհ մը։
Համայնքային շրջանակներէն ներս յառաջացած պոռթկումի մթնոլորտին մէջ, վերջին օրերուն պատկան մարմիններուն հետ ալ մշակուած է շփում մը։ Այսպէս, անպաշտօն աղբիւրներէ կը տեղեկանանք, որ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու եւ մեր ծանօթ ազգայիններէն Խաչիկ Ճանէլ այցելած են Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի պատկան բաժանմունքը։ Հանդիպման ընթացքին անոնք բաժանմունքի տնօրէնին նկատառման յանձնած են համայնքային շրջանակներէն ներս ստեղծուած ընդհանուր անհանգստութիւնը։
Այս հանդիպման կապակցութեամբ պաշտօնապէս ոչինչ հաղորդուած է համայնքային մամուլին, յայտնի չէ նաեւ, թէ տեսակցութենէն վերջ որեւէ արդիւնք եղա՞ծ է, կամ ոչ։
İlk yorum yapan siz olun