Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած «Մենք ԵՐԳենք Եւ ՊԱՐենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու չորրորդը տեղի ունեցաւ 17 Օգոստոս 2022, Չորեքշաբթի, ժամը 21.00-ին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պարտէզը։
Հանդիսութեան ներկայ եղաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։ Իր կողքին էին Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Երեկոյթին մասնակցեցան նաեւ երիտասարդներ եւ երաժշտասէր հասարակութիւնը։
Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ երկու շաբաթներու ընթացքին, երիտասարդներ արդիական երաժշտութեամբ հանդէս եկած էին Կազդուրման Կայանի պարտէզին մէջ։ Իսկ այս հանդէսով, կը շարունակուի դասական երաժշտութեանց ներկայացումները։
Հանդիսութեան սկիզբը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յարութիւն Վարդապետ եւ հանդիսութեան բովանդակութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ապա, ներկայացուց դաշնակահար՝ Շանթ Էսմէրն ու ջութակահար՝ Սարին Նէվրուզը, հանդերձ իրենց կենսագրականներով։ Յատկանշական էր, թէ՝ երկու երիտասարդներն ալ երաժշտական իմաստով ուսում ստացած էին Միմար Սինան Համալսարանէ ներս։
Յաջորդիւ երիտասարդներ զուգերգով հանդէս եկան Հայերէն եւ եւրոպական երաժշտութենէ նմուշներով։ Բաց աստի անոնք ներկայացուցին նաեւ Շանթի յօրինումներէն օրինակներ։ Իրենց ներկայացումը մեծապէս գնահատանքին արժանացաւ ներկաներուն։ Իսկ միւս կողմէ, յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեան ներկայացուց Զահրատէ, Պարոյր Սեւակէ բանաստեղծութիւներ։ Այս բոլորին առընթեր, իր հոգեւոր հեղինակութիւններէն մին եւս ներկայացուց, բան մը որ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց։
Մօտ մէկ ժամուայ յայտագրի աւարտին, հուսկ բանքը կատարեց Պատրիարք Հայրը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց կատարուած աշխատութեան համար։ Յայտնեց, որ այս երիտասարդները իրենց փոքր տարիքին գտած էին իրենց կեանքի իմաստը երաժշտութեան մէջ եւ այսպէս տակաւ առ տակաւ հմտանալ սկսած էին իրենց արուեստին մէջ։ Այս առումով, իրենց յաջողութիւնը երկար աշխատութեան մը արդիւնքն էր եւ տարիներու ընթացքին յայտնի էր թէ առաւել եւս պիտի զարգանար։ Երիտասարդներուն արհեստավարժի հանգամանքով երաժշտութեան հետեւիլը այս միոյն փաստն էր։
Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ յիշեցուց, թէ՝ ներկաներ կը կարծէին, որ երկու նուագներով համերգ մը ներկայացուած էր, մինչ Արամ Կոստանեանի ձայնով հանդիսութեան նուագներու թիւը կը բարձրանար երեքի։ Այս շրջագիծով, ըսաւ, որ իւրաքանչիւրը իրենց շնորհքները ունէին եւ գնահատելի էր, քանի լաւագոյնս կ՚արժեւորէին իրենց շնորհքները։ Այս առթիւ, գնահատեց նաեւ երիտասարդներու ծնողները, որոնք քաջալերած էին իրենց զաւակները երաժշտական մարզէ ներս եւ իրենց առաջնորդութեամբ տղաքը առաւել եւս յաջողութեամբ դառնալ սկսած էին լաւ երաժիշտներ։
Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ իր հայրական օրհնութիւնները տուաւ Յարութիւն Վարդապետին եւ Սեւան Աթաօղլուին, որոնց կազմակերպութեամբ երիտասարդներ իրենց տաղանդը ներկայացնելու դաշտը գտած էին Գնալը Կղզիին մէջ։ Նաեւ գնահատելի էր Արի Հէրկէլի երաժշտական իմաստով լուրջ ներդրումը։ Յաջորդիւ երիտասարդներուն նուիրեց յիշատակի նուէրներ։
Հուսկ բանքէն յետոյ, երիտասարդները նուագեցին Մակար Եկմալեանի դաշնաւորումով «Տէրունական Աղօթք»ը, որուն երգեցողութիւնը կատարուեցաւ ներկաներու կողմէ։ Հանդիսութեան աւարտին, Մեր Հոգեւոր Պետը մօտէն ծանօթացաւ նաեւ նուագող երիտասարդներով ու իրենց ընտանիքներով եւ այս առթիւ անգամ մը եւս փոխանցեց իր հայրական գնահատանքը։
Photo: Bolis Photo
Video: https://www.facebook.com/artundamadian/videos/795687284952352
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun