Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 16 Օգոստոս 2022, Երեքշաբթի, ցաւակցական նամակ մըուղարկեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, որով իր ցաւը յայտնեցԵրեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին պատահած պայթումին եւորպէս հետեւեանք մահացածներու կապակցութեամբ։
Մեր Հոգեւոր Պետը ի միջի այլոց ըսաւ. «Խորապէս կը ցաւակցինք Ձերդ Սրբութեան եւ Ձեր անձինմէջ մեր ժողովուրդին, պատահած ցաւառիթ դէպքին առթիւ։ Մեր աղօթքն է, որ ՀայաստանիՀանրապետութիւնը հեռու մնայ նման փորձանքներէ եւ հայրենակիցներ սիրով գօտեպնտդուինիրարու, ընդ հովանեաւ մեր հաւատքի լուսաբեւեռ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի»։
Պատրիարք Հայրը նաեւ յայտնեց թէ, 21 Օգոստոս 2022, Կիրակի առաւօտ, իր իսկնախագահութեամբ կատարելի արարողութեամբ, յընթացս Ս. Պատարագի պիտի յիշատակուինպայթումի հետեւանքով վախճանած անձերը, ինչպէս նաեւ աղօթք պիտի վերառաքուի՝վիրաւորեալներու ապաքինման համար։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun