Հրամանաւ ու օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, 15 Օգոստոս 2022, Երկուշաբթի երեկոյեան, Գնալը Կղզիի մէջ, Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի Անուան Մարմնամարզական Փառատօնը հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ սկիզբ առաւ։ Այս բացառիկ հանդիսութիւնը կը գլխաւորէր Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, իր մօտն ունենալով՝ Կազդուրման Կայանի Ատենապետ Արի Չօլաքը, Ռաֆֆի Քալքը եւ Տնօրէն Տկն. Լիզա Չօլաքողլուն։ Ինչպէս ծանօթ է, առաջին անգամ 2019ին իրականացած սոյն փառատօնի երկրորդն է որ կը կազմակերպուի այս տարի։
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ, 21.00-ին Կազդուրման Կայանի աշակերտութեան կազմած թափորով։ Անոնց կը միանային Հայր Սուրբն ու Կազդուրման Կայանի վարչութիւնը, տնօրէնութիւնը, անձնակազմը եւ խաղերու մասնակից կղզեբնակ մանուկներ։ Այնուհետեւ, անոնք ուղղուեցան Կազդուրման Կայանէն դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։
Խումբին կ՚ընկերակցէր Ռաֆֆի Տէրգէորգեանի առաջնորդութեամբ կազմուած նուագախումբը։ Այս հանդիսաւոր ուղեւորութեան պահուն ճրագներ եւս լոյս սփռեցին իրենց շրջակայքը։ Այնուհետեւ թափորը դանդաղ քայլերով հասաւ եկեղեցի եւ զանգակներու ղօղանջներով համախմբուեցան եկեղեցւոյ զանգակատան մօտ։ Այստեղ խումբին միացաւ նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ վարչութենէ եւ Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասէ անդամներ։
Յաջորդիւ տեղի ունեցաւ լուսաւորութեան արարողութիւն, որով մանուկներուն ի ձեռին ունեցած մոմերը լուսաւորուեցան եկեղեցւոյ ճրագով։ Յաջորդիւ, Հայր Սուրբը, իր պատգամը փոխանցեց ներկաներու յայտնելով, թէ՝ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի անուան ձօնուած խաղերը երկրորդ անգամ կը կազմակերպուէին։ Այս առումով մանուկներուն ուշադրութեան յանձեց, որ բարեկամներով Հայեցի մթնոլորտի մէջ զուարճանալը մեծ բախտ էր եւ այս առումով պէտք է խաղերու մասնակիցներ լաւ իմանային այս առանձնաշնորհումի կարեւորութիւնը։
Ապա, յիշեցուց որ Ս. Աստուածածնայ Տաղաւարի յաջորդող որը կը կոչուէր Մեռելոց եւ այս օրը լաւ առիթ պիտի ստեղծէր որ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքը յիշատակուէր հանգստեան աղօթքով եւ ներկաներ եւս միանային այս մաղթանքներուն։ Իր խօսքի աւարտին, Հայր Սուրբը յայտնեց որ, այս փառատօնը տեղի կ՚ունենար հրամանաւ ու օրհնութեամբ՝ Ամենապատատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Պատրիարք Հօր եւ այս առթիւ Մեր Հոգեւոր Պետին Հաթայէն ուղարկած օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն։
Հոգեւոր ապրումներով լի այս հանգրուանին, ներկաներ միասնաբար արտասանեցին Տէրունական Աղօթքը, որմէ յետոյ երգուեցաւ «Տէր Ողորմեա» երգը։ Յաջորդիւ, հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցաւ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքը։ Կարճատեւ հոգեւոր հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։
Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած աղօթասացութենէ յետոյ, թափորը անգամ մը եւս կազմուեցաւ ուղղուելու համար դէպի Կազդուրման Կայանի Ճամպազեան Խաղավայրը։ Նուագախումբը, շարականները, զանգակները, երգերը, ծափերը, բոլորը կը բարձրացնէին հանդիսութեան փայլը։ Մինչ այդ նուագախումբը կը նուագէր, Մեսրոպ Պատրիարքի ամենէն սիրած հոգեւոր երգերէն «Նախ Խնդրեցէք Արքայութիւնն Աստուծոյ» երգը։
Ապա, սկիզբ առաւ ոտնագնդակի մրցումը։ Հանդիսութեան ամենէն սիրալիր պահերէն էր երէց սերունդի անդամներու պատուոյ այս խաղը։ Այնուհետեւ, ունկնդիրներ, Շահնուր Քազանճը, Մուկօ Էօզկիւլ, Պօղոս Տէմիրճի, Արի Գրիգորեան, Լորան Ֆօսքօլօ, Արի Օտապաշեան, Յակոբ Մամիկոնեան եւ Վարդան Մամիկոնեանի մասնակցութեամբ հաճելի խաղ մը դիտեցին։ Խաղերուն ներկայ եղան նաեւ՝ Թաքսիմ Մարմնամարզական Խումբէն՝ Ռոպէր Տատեան։
Այսպիսով, տասնեակ հոգիներու բուռն մասնակցութեամբ, Պատրիարք Սրբազանին նուիուած երեկոյթը ժամը 22.45-ին իր աւարտին հասաւ։ Հարկ է նշել թէ, խաղերը պիտի աւարտին 18 Օգոստոսին։
Photo: Bolis Photo
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun