Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի առթիւ դէպի Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղըկազմակերպուած ուխտագնացութիւնը կը հասնի գագաթնակէտին։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ հասած էր Վաքըֆգիւղ, 13 Օգոստոս 2022, Շաբաթերեկոյեան, գիւղի Ս. Աստուածածին գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կանոնական երեկոյեանժամերգութեան, մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու, Ստանպուլէն յատկապէս ժամանածսարկաւագներու եւ դպիրներու, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդի բազմութեան։
Յաւարտ ժամերգութեան, եկեղեցւոյ մուտքին կատարուեցաւ աղի օրհնութեան կարգը։ Այս աղն է, որ կը դրուի մատաղօրհնութեան առթիւ պատրաստուած հարիսայի կաթսաներուն մէջ։
Պատրիարք Հայրը ընթրիքի սեղանով պատուասիրուեցաւ գիւղի Մուսա Լեռ ճաշարանին մէջ։
ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Երբ գիշերը սկսաւ իջնել Մուսա Լերան վրայ, Վաքըֆգիւղի հրապարակին վրայ սկսաւ նաեւտօնական խրախճանքը։
Տարիներու աւանդութիւն է, որ Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնի նախորդ գիշեր գիւղիժողովուրդն ու ուխտաւորները մինչեւ կէս գիշեր կը զուարճանան երգով ու պարով։ Նոյնըկատարուեցաւ նաեւ այս տարի։ Հրապարակին վրայ ներկաներ աւանդական ու նոր երգերովպարեցին եւ ուրախացան։
ՀԵՐԻՍԱՅԻ ԿՐԱԿ
Կէս գիշերին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով հոգեւոր հայրերը եկաւ հերիսայիկաթսաներու գլուխը եւ միաբերան արտասանուած աղօթքով վառեց կրակը։
Եօթ կաթսաներ լեցուն հերիսան մինչեւ առաւօտ պիտի եփի, իսկ Տաղաւարի Ս. Պատարագիաւարտին օրհնուելով պիտի բաժնուի ներկաներուն։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun