Սասնոյ ամէնէն հեռաւոր ու անառիկ բերդ-աւաններուն մէջ լոյս աշխարհ եկած ու ապա ալ հայ ոգիի շունչով եւ հաւատքով մինչեւ Պոլիս հասած մեր հայրենակիցներուն մասին գրուած է շատ առիթներով։ Սասունցիներու ապա նաեւ գաւառացի մեր հայրենակիցներու թեման անգամ մը եւս օրակարգի նիւթ կը հանդիսանար հայ մամուլի մեծ նուիրեալ Հրանդ Տինքի նահատակութեան տարիներուն։
Իսկ Պոլսոյ Պատրիարքական աթոռը ձեռնհասօրէն հովուած հոգելոյս Տ. Շնորհք Պատրիարք ինք եւս մեծ աշխատանք տարած է, որ գաւառի մէջ մնացած հայութիւնը հայեցի շունչ մը առնէ եւ վերադառնայ իր արմատներուն։
Գուցէ հարիւրաւոր կերպարներ կան, որոնք անցած են այս «մեծ խաչելութեան» ու նուիրումի ճանապարհէն ու ապահովաբար անոնցմէ է օրերս Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ իր աչքերը յաւերժին փակած Տիրամայր Կիւլիւ Ալճալը (Ծն. 1925-ին Սասնոյ Պէշիր գիւղին մէջ)։
Ան իր ամբողջ կեանքի նուիրման կիզակէտը դարձուցած էր իր երկու որդիներուն ՝ Հոգշ. Տ. Գուսանի եւ Արժ. Տ Առաքել Քահանայի հայեցի կրթութիւնը եւ Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ անոր հոգիին մէջ առկայ անշէջ կրակը փոխանցած էր երկու արժանաւոր կրօնաւորներուն։
Գուցէ մեծ է թիւը այն նուիրեալներուն, որոնք կարողացած են քալել փուշով ու տատասկով լեցուն ճանապարհներէն ու անոնք բոլորն ալ արժանի են յիշատակութեան ու բարի խօսքի։ Ու այս պրիսմակով ալ Կիւլիւ Մայրիկը, որ այս օրերուն առյաւէտ հեռացաւ մեզմէ մէկն էր անոնցմէ, որոնք մայրական սիրոյ եւ արժանապատիւ դաստիարակման խորհրդանիշ դարձան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք արմատներով Պէշիրցի Կիւլիւ Մայրիկին մահուան առթիւ անոր որդւոյն Հոգշ. Տ. Գուսան Ծ. Վրդ.ի գրառումը.
ՏԽՐՈՒՆԻ
Այսու գրով կուգանք խոր կսկիծով տեղեկացնելու թէ երէկ՝ Կիրակի իրիկուն Պոլսէն ստացանք տխուր լուրը թէ՝ ոչ եւս է Սասունցի մեր սիրելի մայրիկը՝ Տիրամայր Կիւլիւ Ալճալը։
Յուղարկաւորութեան եւ Տան կարգը
պիտի կատարուի Չորեքշաբթի 10 Օգոստոս 2022-ին, Պոլսոյ Պատրիարքութեան Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 14:00-ին։
Հանգիստ քու յոգնաբեկ մարմնիդ սիրելի մայրիկ։ Արարիչ ու մարդասէր Աստուած թող իր երկնային օթեւաներուն արժանացնէ քու ազնիւ ու բարի հոգին ու խաղաղութիւն պարգեւէ. Ամէն
08.08.2022 Ժընեւ
Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի
İlk yorum yapan siz olun