İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՒՆ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՔԸՐԸՔԽԱՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆՈՒՄՎԱՔԸՖԳԻՒՂ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 12 Օգոստոս 2022, Ուրբաթ, շարունակեց իր ճամբան, մասնակցելու համար Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առթիւ աւանդական Մուսա Լերանուխտագնացութեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը առաւօտուն անցաւ Քըրըքխան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ այժմ անշքացածեկեղեցիով եւ փոքրաթիւ համայնքով։

ԱՅՑ՝ ՔԸՐԸՔԽԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց Քըրըքխանի Քաղաքապետարան եւ ընդունուեցաւ Քաղաքապետ Այհան Եավուզի կողմէ։ Սոյն այցելութեան ընթացքին մեր Հոգեւոր Պետի շքախումբինմաս կը կազմէին Գաւառի մեր համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Քըրըքխանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամներ՝ Ռաֆֆի Քափլան եւ Եուսուֆ Թապաշեան։

Պաշտօնարանի զրոյցէ ետք, Քաղաքապետ Եավուզ եւ Պատրիարք Հայրը միասնաբար այցելեցին Քըրըքխանի մեր եկեղեցին։ Ինչպէս ծանօթ է, տարիներ առաջ յիշեալ աղօթատան տանիքը փուլեկած էր։

Պատրիարք Հայրն ու Քըրըքխանի Քաղաքապետը շէնքին վիճակը տեսնելէ եւ տեղւոյն վրայխորհրդակցելէ ետք, կէսօրուան ճաշի սեղանի շուրջ մէկտեղուեցան։

ԱՅՑ՝ ՀԱԹԱՅԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 15.00ին այցելեց Հաթայի Կուսակալութիւն եւ ընդունուեցաւ Կուսակալ Ռահմի Տօղանի կողմէ։

Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի օրերուն եկած էրնախագահելու Վաքըֆգիւղի Եկեղեցւոյ հանդիսութեան եւ ուրախակից դառնալու իր հօտին։ Նոյնառթիւ փափաքած էր փափկավարական այցելութիւն մը տալ նաեւ քաղաքի պետական բարձրագոյն պաշտօնեային՝ Հաթայի Կուսակալին։

Կուսակալ Տօղան իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց մեր Հոգեւոր Պետին եւ իր ուրախութիւնըյայտնեց աւանդական այցելութեան առթիւ։

ԱՅՑ՝ ՊԱԹԸԱՅԱԶ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Մուսա Լերան գիւղերէն Պաթըայազ, երբեմնի Պիթեաս եւհիւրասիրուեցաւ տեղւոյն համայնքի անդամներէն Յակոբ Չափարեանի բնակարանին մէջ։

ԺԱՄԱՆՈՒՄ ՎԱՔԸՖԳԻՒՂ

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 18.00-ին հասաւ Վաքըֆգիւղ։ Գիւղացիներ ըստ աւանդութեանգիւղի մուտքին մեր Հոգեւոր Պետը դիմաւորեցին տհոլ-զուռնայով եւ աւանդական պարով ուառաջնորդեցին գիւղի Եկեղեցի։

Եկեղեցւոյ մուտքին կատարուեցաւ աղ ու հացի օրհնութիւնը։ Ապա մեր Հոգեւոր Պետը եկեղեցւոյզանգի զուարթ ղօղանջին ներքեւ առաջնորդուեցաւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցի։

Կանոնական աղօթքներէ ետք, Գաւառի Տեսուչ եւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն շնորհաբեր այցելութեան համար եւ բարի գալուստմաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր պատգամը տուաւ ներկայ հաւատացեալներուն եւ նախ փառք տուաւ որայսօր արժանի եղած է անգամ մը եւս այցելել այս եկեղեցին եւ նախագահել Ս. Աստուածածնիտօնախմբութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց տեղւոյն հովիւը՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քահանան, որունծառայութեան վրայ բարդուած է նաեւ գաւառի եկեղեցիներու տեսչութիւնը։ Տէր Հօր եւ անորաջակցող բոլորի ջանքերուն ու աշխատանքներուն համար իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ։Գնահատեց Ճէմ Չափարի անձին մէջ եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդը, ինպէս նաեւ Գիւղապետ ՊերճՔարթունը։ Մաղթեց որ անսասան մնայ Վաքըֆգիւղը իր ժողովուրդով։

Ապա մեր Հոգեւոր Պետը պատասխանեց ժողովուրդի հարցումներուն։

Նորին Ամենապատուութեան գիւղի մուտքին  դիմաւորՄան հանդիսութիւնը եւ եկեղեցոյարարողութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ Պատրիարքարանի ընկերային մամլոյ կայանէն ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/458321249518871 )։

Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն իրիկուն գիւղի հրապարակին վրայ նախագահեց սիրոյ սեղանին, որուն իրենց երգերով մաս կազմեցին Ստեփան Եփրեմեան եւ Պարթեւ։

Մեր Հոգեւոր Պետը նոյն գիշեր իջեւանեցաւ գիւղի Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի անուանձօնուած հիւրանոցին մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın