İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՆՇԱՆ ԵԱՂՈՒՊԵԱՆԻ

Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի նախորդ շրջաններու ատենապետ, ինչպէս նաեւհամայնքային հաստատութիւններէ ներս որպէս ճարտարապետ ընդարձակ ծառայութիւնմատուցած եւ ճարատարպետական վաստակով օտար շրջանակներէ ներս տիտանանձնաւորութիւն ընկալուած Նշան Եաղուպեանի մարմինը հող յանձնուեցաւ 12 Օգոստոս 2022, Ուրբաթ յետ միջօրէին։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր բարձր տնօրինութեամբ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջկազմակերպուեցաւ Ազգային Յուղարկաւորութիւն։ Նախ քան արարողութիւնը, հանգուցեալիմարմինը նախ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցէն բերուեցաւ Արամեան Ունճեան Վարժարանիպարտէզը, ուր թաղի քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութին Վրդ. Տամատեանի հանդիսապետութեամբ եւՊատրիարքական Փոխանորդ ու թաղի երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հանգստեան կարգ։ Հանգուցեալը, տասնեակ տարիներ առաջ որպէս նշանաւոր ճարտարապետ սիրայօժար ձեւով ստանձնած էրԱրամեան Ունճեան Վարժարանի ճարտարապետութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայ նորկառուցուածքին միացուցած՝ իր նիւթական օժանդակութիւնը։ Հետեւաբար, սոյն արարողութիւնըյատուկ նշանակութեամբ կազմակերպուած էր նախ քան յուղարկաւորութիւնը։

Իսկ ժամը 13.00-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի եւմասնակցութեամբ վեղարաւոր հայրերու ու քահանաներու տեղի ունեցաւ ԱզգայինՅուղարկաւորութիւն, որուն ներկայ եղան համայնքային շրջանակներէ վարիչներ, որոնց շարքին էինյատկապէս Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցէ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցիէ եւ ԱրամեանՈւնճեան Վարժարանէ, Ազգային Կեդրոնական Վարժարանէ եւ ՀԱՅՃԱՐ Հիմնարկէ վարիչներ։Ներկայ եղան նաեւ հանգուցեալի գործակից եւ հարազատ ճարտարապետներ, ինչպէս նաեւպաշտօնական անձինք։ Արարողութեան երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Թագաւոր ԴպրացԴաս Երգչախումբի կողմէ առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ ԱրտէնԳարիպեանի։ Որպէս կերոնակիր թագաղի կողքին կանգնած էին Արման Պիւքիւճեան, ԿարօՊալեան, Արման Չօպանօղլու, Նշան Քարա, Մկրտիչ Սէրթշիմշէք եւ Նազար Շիկահեր։

Արարողութեան ընթացքին, նախ քան «Հոգւոց» մաղթանքը, Գրիգոր Աւ. Քահանան ընթերցեցԱմենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր կողմէ յուղարկաւորութեան առթիւ գրի առնուած Հայերէնու Թրքերէն ցաւակցագրերը։ Մեր Հոգեւոր Պետը, ներկայացնելով հանգուցեալի համայնքանուէրծառայութիւնը, կը դրուատէր բեղուն անցեալ կեանք մը։

Հանգուցեալը ո՛չ միայն համայնքային շրջանակներու մէջ ծանօթ դարձած էր, այլ՝ իր որակաւորճարտարապետութեամբ անունը հասած էր նաեւ օտար շրջանակներուն։ Իր գործունէութիւնը նաեւգնատատուած էր Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ, զինքը արժանի նկատելով ՕրմանեանՇքանշանին։ Վերջերս արժանացած էր նաեւ «2020 Ճարտարապետ Սինանի Անուան ՄեծՄրցանակին» եւ Մեր Հոգեւոր Պետը պատիւը ունեցած էր շնորհաւորական գրութեամբ զինքըշնորհաւորելու եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռի խնդակցելու իրեն։

Այս առթիւ Պատրիարք Հայրը հանգուցեալը մահը որակեց իսկական մեծ կորուստ մը համայնքայինկեանքէն ներս եւ այս առթիւ յանուն Պատկ. Կրօնական Ժողովի, Հոգեւորականաց Դասու, համայնքային եւ թաղային մարմիններու ու մեր հաւատացեալ ժողովուրդի ցաւացկութիւն յայտնելովեզրափակեց իր խօսքը։ Պատրիարք Հայրը, նաեւ կը յայտնէր թէ, հովուապետական այցելութեամբկը գտնուէր Անտիոքի մէջ եւ հանգստեան աղօթքով կը միանար նաեւ յուղարկաւորութեանաղօթքքներուն։  

Արարողութեան աւարտին հանգուցեալի մարմինը փոխադրուեցաւ Հասանփաշայի ՀայոցԳերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ թաղման կարգը։ Իսկ, յաջորդիւ Արամեան ՈւնճեանՎարժարանի պարտէզը հանգուցեալի հոգւոյն սարքուեցաւ հոգեճաշ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın