Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 11 Օգոստոս 2022, Հինգշաբթի, շարունակեց իր ճամբան դէպիՀաթայ, մասնակցելու համար Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առթիւ աւանդական ՄուսաԼերան ուխտագնացութեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը առաւօտուն հրաժեշտ առաւ Մէրսինէն եւ ցամաքի ճամբով անցաւ Թարսուս։ Այսքաղաքը ծննդավայրն է Ս. Պօղոս Առաքեալի։ Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց քաղաքի Ս. Պօղոս պատմական եկեղեցին, ուր կատարեց իր ուխտի աղօթքը։
Կէսօրին, Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց Ատանայի մեր համայնքէն Սաթանօղլու ընտանիքիբնակարանը, ուր հիւրասիրուեցաւ սիրոյ սեղանով։
ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԻՍԿԵՆՏԷՐՈՒՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Նորին Ամենապատուութիւնը երեկոյեան հասաւ Իսկենտէրուն եւ հովուապետական անդրանիկայցելութիւնը տուաւ տեղւոյն Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ։
Ժամը 18.00-ին, Եկեղեցւոյ զանգի զուարթ ղօղանջը աւետեց Հայոց Պատրիարքի այցը։ Մեր ՀոգեւորՊետը աղ ու հացի օրհնութենէ ետք, Հրաշափառ շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեցեկեղեցի։ Կանոնական աղօթքներէ ետք, Գաւառի Տեսուչ եւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. ԱւետիսՔհնյ. Թապաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն շնորհաբեր այցելութեան համար եւ բարիգալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը իր պատգամը տուաւ ներկայ հաւատացեալներուն եւ նախ փառք տուաւ որայսօր արժանի եղած է որպէս Հայոց Պատրիարք այցելել այս եկեղեցին։ Ան իր ուրախութիւնըյայտնեց, որ այսպէս պայծառ եկեղեցի մը ունէր, որուն կամարներուն ներքեւ աղօթք կը վերառաքէրԱրարիչ Աստուծոյ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց տեղւոյն հովիւը՝ Արժ. Տ. ԱւետիսՔահանան, որուն ծառայութեան վրայ բարդուած է նաեւ գաւառի եկեղեցիներու տեսչութիւնը։ ՏէրՀօր եւ անոր աջակցող բոլորի ջանքերուն ու աշխատանքներուն համար իր հայրական օրհնութիւնըտուաւ եւ ըսաւ որ իւրաքանչիւրս սրբազան ժառանգի մը ժառանգորդներն ենք եւ ամուր պէտք էպահենք մեզի վստահուած աւանդները։
Հրաշափառի արարողութեան մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ տեղւոյն Լատին Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հ. Տարիուս Վրդ.։
Հրաշափառի արարողութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ Պատրիարքարանի ընկերայինմամլոյ կայանէն ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/779572933480197 )։
Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն իրիկուն ընդունեց Իսկենտէրունի, Քըրըքխանի եւ Վաքըֆգիւղիեկեղեցիներու ծխական խորհուրդներու ներկայացուցիչները, որոնց հետ եկեղեցիներու մասինխորհրդակցելէ ետք, մէկտեղուեցաւ սիրոյ սեղանի շուրջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun