Քամփ-Արմէնի վերակառուցման նպատակով ստեղծուած յանձնախումբը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի հետ։ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի կողմէ գլխաւորուած խումբը քաղաքապետին հետ տեսակցեցաւ Էմիրկեանի Սպիտակ ապարանքին մէջ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ քաղաքապետարանի մշակոյթի բաժանմունքի պատասխանատու Օքթայ Էօզէլ։ Զրոյցի ընթացքին Թուզլայի Քամփ-Արմէնի տարածքէն ներս վերստին երիտասարդաց ճամբար մը կառուցելու նպատակով մշակուած ծրագիրը քննարկման առարկայ դարձաւ զանազան երեսակներով։
Քամփ-Արմէնի վերակառուցման ծրագիրը կը համակարգէ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր։ Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ժանէթ Զօրպազ, Մուրատ Ճաւաք, Մուրատ Տուվարճը, Յարութիւն Սէմէրճի, Իւմիթ Քէսքին, Նարօտ Մինասեան եւ իրաւաբան Էօմէր Քանթիք։
İlk yorum yapan siz olun