İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԵՐՍԻՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 10 Օգոստոս 2022, Չորեքշաբթի առաւօտ, օդային ճամբովմեկնեցաւ Ատանա, մասնակցելու համար Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առթիւաւանդական Մուսա Լերան ուխտագնացութեան։ Նորին Ամենապատուութեան այս այցելութեանմասնակցեցաւ նաեւ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը ժամը 11.30-ին հասաւ Ատանա եւ օդակայանի մէջ դիմաւորուեցաւ Գաւառի մերհամայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեանի, Թորոս եւ Մուրատ Թաշեարի կողմէ։

ԱՅՑ՝ ՄԷՐՍԻՆԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Նորին Ամենապատուութիւնը անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Մէրսինի նորանշանակ Կուսակալ ԱլիՀամզա Փէհլիվանին։ Ժամը 13.00-ին կայացած այցելութեան ընթացքին մեր Հոգեւոր Պետինկ’ընկերանային բացի գաւազանակիր Տէր Հօրմէ, Արժ. Տ. Աւետիս Քահանան, Քըրըքխանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Բ. Ատենապետ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան, Մէրսինի մեր համայնքի անդամներէն ատամնաբոյժ Շահին Քըսատուր։

Նկատի ունենալով, որ Կուսակալ Փէհլիվան այս պաշտօնին Մայիս ամսուան ընթացքիննշանակուած էր, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն։

Ապա խորհրդակցութիւն կատարուեցաւ համայնքը յուզող զանազան հարցերու մասին։

Հաճելի զրոյցի աւարտին, Պատրիարք Հայրը այս այցելութեան որպէս յիշատակ, Կուսակալ ԱլիՀամզա Փէհլիվանին նուիրեց Արսէն Եարմանի “Osmanlı Sağlık Hizmetlerinde Ermeniler” ստուարհատորը։

ՄԷՐՍԻՆԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑ

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 14.00ին, նոյն շքախումբով այցելեց Մէրսինի ՄայրՔաղաքապետարան եւ ընդունուեցաւ Քաղաքապետ Վահափ Սէչէրի կողմէ։

Այցելութեան ընթացքին Քաղաքապետի ուշադրութեան յանձնուեցան Մէրսինի Հայ համայնքը յուզողզանազան հարցեր։ Քաղաքապետ Սէչէր ջերմօրէն հետաքրքրուեցաւ հարցերով եւ ըսաւ թէ անձամբպիտի հետաքրքրուի Հայ համայնքի հարցերուն հետ եւս, քանի այս փոքրաթիւ համայնքը Մէրսինիմշակութային բազմազանութեան կարեւոր տարրերէն մէկն է։

ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՂՕԹՔ

Մեր Հոգեւոր Պետը, երեկոյեան, շքախումբով այցելեց Մէրսինի Սուրբ Միքայէլ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Տ. Իսբիր Թէյմուր Քահանայի կողմէ։ Եկեղեցւոյ մէջ Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը, ապա մեր ՀոգեւորՊետը օրհնեց ներկաները։

Ապա հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր տեղւոյն հովիւը՝ Տ. Իսբիր Քահանան յուշանուէր մը յանձնեց Նորին Ամենապատուութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը իրուրախութիւնը յայտնեց, որ այս աղօթատան մէջ իր ուխտի աղօթքը կատարեց եւ որպէս յիշատակ, Տէր Հօր նուիրեց Սրբանկար մը։

ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Օրուան վերջին այցելութիւնը տրուեցաւ քաղաքի Ս. Անթուան Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցիին, ուր մերՀոգեւոր Պետը դիմաւորուեցաւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Հ. Ռոշան Վրդ. Քորտէիրոյի կողմէ։

Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան անդամ Հ. Ռոշան Վրդ. բարի գալուստ մաղթեց ՆորինԱմենապատուութեան եւ հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ մասին։ 1840-ին ԼիբանանէնՄէրսին եկող քրիստոնեաներու խնդրանքով, 1853ին, Սուլթան Ապտիւլ Մէճիտի հրովարտակով հաստատուած է այս եկեղեցին։

Կատարուած աղօթասացութեան ընթացքին Ս. Աւետարանը կարդաց Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։

Տեղւոյն եկեղեցասէր տիկինները ծաղկեփունջ նուիրեցին Նորին Ամենապատուութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց տեղւոյն հովվիւին եւ բոլորպատասխանատուներուն եւ օրհնեց բոլորը։ Ապա զրոյց ունեցաւ ներկաներուն հետ։

Եկեղեցիէն ելքին, տեղւոյն սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Մեր Հոգեւոր Պետը նոյն գիշեր իջեւանեցաւ եկեղեցւոյ հիւրանոցը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın