Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ, 10 Օգոստոս 2022, Չորեքշաբթի, ժամը 21.30-ին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասու անդամներէն՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի յօդուածներէն բաղկացեալ «Կեանքը որ կ՚ապրինք» գիրքին ներկայացումը։
Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու կազմակերպութեամբ իրականացած հանդիսութեան ներկայ էին Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Դպրապետ Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու, Ժամանակ Օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, հատորի խմբագիր բանասէր Վարանդ Քորթմոսեան, Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութեան անդամներէն Մարիամ Տրամէրեան, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հասարակութիւն մը։
Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի եւ Ժամանակ Օրաթերթի համատեղ նախաձեռնութեամբ, այս տարի լոյս տեսած գիրքի շնորհանդէսը, 17 Մայիս 2022ին տեղի ունեցած էր Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր բարձր նախագահութեամբ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ եւ այս մէկը առիթ եղած էր որ Տէր Հօր գիքրը հանրութեան առաջին անգամ ներկայացուի Պատրիարքական Աթոռոյ երդիքին ներքեւ։ Իսկ սոյն ներկայացման հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր, նկատի ունենալով հատորի խմբագրին Պոլիս գտնուելու առիթը, ինչպէս նաեւ Մաշտոց Քահանայ Հօր եւ լուսահոգի երէցնոջ Ներսէսեան Դպրաց Դասու պատուոյ անդամներէն ըլլալու հանգամանքները։
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր կողմէ Տէր Հօր շնորհուած եւ գիրքին սկիզբը տեղ գտած օրհնութեան գրի ընթերցանութեամբ։ Այս մէկը անգամ մը եւս առիթ եղաւ որ ներկաներ լսեն Պատրիարք Հօր գնահատական խօսքերը ուղղեալ Տէր Հօր գրչի վաստակին։
Յաջորդիւ Արա Գօչունեան եւ Վարանդ Քորթմոսեան բեմ բարձրացան եւ տեղի ունեցաւ կենդանի զրոյց։ Այս մէկը առիթ եղաւ որ գիրքին խմբագիրը՝ բանախօսէ հատորի պատրաստութեան փուլերուն եւ բովանդակութեան մասին։ Արա Գօչունեան առաջին հերթին ներկայացուց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի պաշտօնակիցներէն եւ Ժամանակ Օրաթերթի աշխատակիցներէն Վարանդը, յայտնելով որ ինքը յատուկ համակրանք ունեցած է հանդէպ Պոլսահայութեան։
Տարիներու ընթացքին ծնունդ առած համակրանքը առիթ եղած էր, որպէսզի ինք իր մտաւորական պաշարը ի սպաս դնէ սոյն գիրքի պատրաստութեան փուլին։ Այսպէս Տէր Հօր անջատաբար, Ժամանակ Օրաթերթին մէջ գրի առած յօդուածները քննարկուած էին եւ ի վերջոյ այս հատորի պատրաստութիւնը իր կատարելութեան հասած էր։
Ապա, ներկայացուեցաւ գիրքի բովանդակութիւնը։ Յարգելի հիւրը յայտնեց, թէ՝ սոյն գիրքը որ կոչուած էր «Կեանքը որ կ՚ապրինք» իրապէս կեանքի բոլոր խաւերուն ուղղեալ իր պատգամները ունէր։ Ոչ միայն սոսկ քարոզխօսական յօդուածներ կային այստեղ, այլ՝ կեանքէ դրուագներ, պատմական ու բարոյական եւ ուսուցանողական նիւթեր։ Այս բոլորին մէջ Տէր Հայրը վարպետօրէն գրի առած էր զանազան նիւթերու շուրջ եւ այս բոլորը նաեւ կը համապատասխանէր Ժամանակ Օրաթերթի տարիներու սկզբունքներուն։
Ի միջի այլոց, յայտնեց թէ, ինք կը պաշտօնավարէր Մայր Աթոռ Ս. Էջիածնի մէջ եւ կը բնակէր նոյն քաղաքը։ Հետեւաբար Տէր Հօր համար յատուկ երջանկութեան առիթ եղած էր, լսել թէ իր յօդուածները նաեւ հասած էին մինչեւ Ս. Էջմիածին եւ այս մէկը օրհնութիւն ընկալած էր Տէր Հայրը։ Անցեալներս նաեւ Տէր Հօր հետ անձամբ զրուցելու առիթը ունեցած էր եւ այս մէկը եւս թէ՛ իր եւ թէ Տէր Հօր մօտ աննախընթաց ուրախութեան դուռ բացած էր։ Աւելի քան երկու ժամ զրուցած էին եւ այն ինչ որ գիրքի պատրաստութեան ընթացքին երեւակայած էր Տէր Հօր մասին, այլեւս դուրս եկած էր երեւակայական ըլլալէ եւ շատ մը գաղափարներ աւելի զգալի դարձած էին։
Յարգելի բանախօսը նաեւ յայտնեց, որ առաջին անգամ է որ Պոլիս կը գտնուի արձակուրդի առիթով, սակայն այս մէկը լաւ առիթի վերածուած է Պոլսոյ հայկական կեանքը եւ հետքերը տեսնելու։ Այս մէկը աներեւակայելի երազի մը իրականացումին կը վերածուէր եւ լաւ իմաստով բաւականին տպաւորուած էր Պոլիսով եւ կարճ ժամանակի մէջ իր տեսած կեանքով։ Ինք եւս յայտնեց որ, Պոլիսը կը շարունակէ գործել իր աւանդութիւններով ու կառուցուածքով։ Իր խօսքերու աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսութեան կազմակերպիչներուն։
Հանդիսութեան ընթացքին նաեւ գիրքէն ընթերցումներ կատարեց յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեան։ Յատկապէս ընտրուած էին Ս. Աստուածածնի, Ս. Էջմիածնի, Ժամանակ Օրաթերթի, լուսահոգի երէցկին Աննիկի եւ շնորհակալութիւն յայտնելու մասին մտորումներ։ Իսկ հանդիսութեան եզրափակիչ փուլին երաժշտութեամբ յայտագրով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ պատանիներէն փոքրիկն Նայիրա Այտըն, նուագելով ու երգելով Հայերէն երգերէ փունջ մը։ Այս հանգրուանը արդէն իսկ բաւանին տպաւորեց ներկաները։
Հուսկ բանքը կատարեց, Հայր Սուրբը եւ յայտնեց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասու անդամին գիրքը ծանօթացուած էր իր իսկ հոգեւոր կեդրոնին մէջ։ Անոր որպէս շարունակութիւնը կը յաջորդէր այս մէկը, որ կը կատարուէր իր իսկ սպասարկած եւ լուսահոգի երէցկնոջ հետ միատեղ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած, հոգեւորական դառնալու պատրաստուած եկեղեցւոյ համալիրին մէջ։
Հետեւաբար խորհրդանշական կարեւորութիւն մը կը զգենուր հանդիսութիւնը։ Բաց աստի, հատորի խմբագիր Վարանդին համար փոքրիկ նուէր մըն էր այս հանդիսութիւնը, որպէսզի ան շնչէր Տէր Հօր հետքերուն եղած Գնալը Կղզին եւ այստեղ արտայայտուէր իր աշխատութեան մասին ընդ հովանեաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ, անդրադառնալով նաեւ հայ մամուլի կարեւորութեան, յայտնեց որ Ժամանակ Օրաթերթի սիւնակները Տէր Մաշտոցին համար դարձած էին քարոզխօսական կարեւոր վայր մը, այս առումով Արա Գօչունեանի անձին մէջ մաղթեց ամենայն բարիք։
Հայր Սուրբը իր խօսքերը եզրափակեց հետեւեալ ձեւով. «Վարանդի ներկայութիւնը նաեւ կը հասցնէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի օրհնութիւնը մեր մէջ։ Մայր Աթոռը, որպէս Ամենայն Հայոց Հայրապետութիւն, արդէն իսկ կը խնամէ ի սփիւռս աշխարհի տարածուած իր զաւակները։ Իսկ այդ օրհնեալ երդիքին ներքեւ կազմաւորուած Պոլսական այս աշխատութիւնը, նաեւ խորհրդաւոր ձեւով կը ներկայացնէ որ Ս. Էջմիածինը այս գրքի ճամբով առիթ կը դառնայ նոր հատորի մը ծնունդին ներդրում բերող սուրբ վայր»։ Յաջորդիւ, հիւրերուն նուէրեց յիշատակի նուէրներ։
Հանդիսութեան աւարտին հիւր բանախօսը, մակագրեց նաեւ գիրքերը։
Photo: Bolis Photo
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun