İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԻՐՔ ՄԸ ԿԱՄ ՊԱՏՈՒՀԱՆ ՄԸ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հաճելի ձեռնարկ մը։ Մտերմիկ մթնոլորտով կազմակերպուած գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը։ Մեր քահանայից դասու երէց անդամներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի կողմէ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի սիւնակներուն մէջ ստորագրած յօդուածներէն բաղկացեալ ժողովածոն զանազան երեսակներով ընթերցասէրներու դատին յանձնուեցաւ կղզիի բարձունքին։ Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի հեղինակած յօդուածներու հիման վրայ վերջին ամիսներուն լոյս տեսած «Կեանքը որ կ՚ապրինք» հատորը ստեղծած է լայն արձագանգ։ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան, որ վաղուց իր հիւթեղ գրիչով գրաւած է պոլսահայ ընթերցասէրներու սիրտը, այս գիրքին շնորհիւ նորովի ներկայացած է հանրութեան։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ հրատարակութեան պատրաստուած է «Կեանքը որ կ՚ապրինք» հատորը, զոր կազմած է բանասէր Վարանդ Քորթմոսեան։ Գիրքի ձեւաչափով ընթերցասէրներուն մատուցուած հեղինակի յօդուածները բոլորովին տարբեր նշանակութիւն ստացած են, նորովի իմաստաւորուած են, ինչ որ այս հատորին նկատմամբ վառ հետաքրքրութիւն ստեղծած է, անշուշտ, արեւմտահայերէնով գիրքի մը պարագային հնարաւոր սահմաններուն մէջ։ Գիրքի արձանագրած յաջողութեան մէջ հեղինակի գրչի կարողութիւններուն համազօր դեր խաղացած են բանասէր Վարանդ Քորթմոսեանի կողմէ տարուած բազմակողմանի աշխատանքն ու ցուցաբերուած վարպետութիւնը՝ այս հատորը կազմելու ժամանակ։ Արդարեւ, ան իսկապէս խորաթափանց ընկալած է հեղինակի ստեղծագործական ժառանգութիւնը եւ այդ հիման վրայ կատարած քաղուածքը առանց չափազանցութեան եղած է ծաղկեփունջի մը համազօր։

«Կեանքը որ կ՚ապրինք»ի հրատարակուելէն վերջ արդէն Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած էր շնորհանդէս մը։ Երէկուանը այդ շնորհանդէսի կրկնութիւնը չէր, ոչ ալ այլընտրանքային շնորհանդէս մը, պարզապէս ներկայացման, ծանօթացման հաւաքոյթ մը, որ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի մտայղացումով կազմակերպուեցաւ։ Յամենայնդէպս, երէկուան երեկոյթը յատկանշական էր, որովհետեւ արդէն ներկայ էր բանասէր Վարանդ Քորթմոսեան, որ կազմած էր այս հատորը։ Եթէ նկատի առնենք պոլսահայ համայնքի առանձնայատկութիւնները կամ անոր անդամներուն միահիւսուած, բարդ ինքնութիւնը, ապա այս գիրքը կարելի է ընկալել նաեւ որպէս պատուհան մը. պատուհան, ուրկէ լոյս կը սփռուի այդ ինքնութեան զանազան երեսակներուն եւ հաւաքական ապրումներուն վրայ։ Այս առումով երէկուան երեկոյթը իմաստաւորուեցաւ երկու տեսանկիւնէ։ Առաջինը՝ ընթերցասէրները հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու Վարանդ Քորթմոսեանի հետ, լսելու անոր կենդանի ձայնը եւ խորաթափանց հասկնալու, թէ ան ինչ առանցքներու շուրջ հիւսած էր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի յօդուածներու այս հատընտիրը։ Երկրորդը՝ հասկնալիօրէն փոխադարձութիւն մը. արդարեւ Վարանդ Քորթմոսեանն ալ, իր հերթին, հնարաւորութիւն ունեցաւ զգալու պոլսահայ ընթերցասէրներու զարկերակը, շնչելու անոնց մթնոլորտը՝ մանաւանդ այդ միասնական մթնոլորտին մէջ արժեւորելու իր կատարած վիթխարի աշխատանքին արդիւնքը։ Հարկ է նշել, որ այս երկու տեսանկիւններէն ալ արդարացած ձեռնարկ մըն էր երէկուանը՝ մինչ հերթական անգամ առիթ ընձեռուեցաւ ընդգծելու Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի երախտաշատ արտադրութեան նշանակութիւնը։

Երէկուան երեկոյթը գլխաւորեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկաներու շարքին էին Կղզիի Ներսէսեան դպրաց դասու դպրապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, յանուն Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան Մարիամ Տրամէրեան, Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ գործակից ընկերները, կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու եւ խումբ մը գրասէրներ, որոնց շարքին կը գտնուէին կրթական մշակներ եւ արուեստագէտներ։ Խաղաղ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ գործադրուեցաւ յայտագիրը՝ քանի կոկիկ թիւով ներկաներ կային եւ բոլորն ալ կեդրոնացած ուշադրութեամբ հետեւեցան ծրագրին։ Հանդիսութեան սկիզբին յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեան ընթերցեց գիրքի հրատարակութեան առթիւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանին շնորհուած օրհնութեան գիրը։ Յայտագրի տեւողութեան Արամ Կոստանեան զանազան փուլերու մէջ մէջբերումներ ալ ընթերցեց հատորէն։ Իր ուրոյն ոճով եւ մեկնաբանական կարողութիւններով ան դուռ բացաւ, որպէսզի բոլոր ներկաները կարողանան հաղորդ դառնալ յօդուածագրի մտահորիզոնին։ Նկատի ունենալով, որ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան ակամայ կը բացակայէր երեկոյթէն՝ Արամ Կոստանեանի ձայնը եկաւ փոխարինել հեղինակի պատգամները։ Յայտագիրը, ըստ էութեան, նախատեսուած էր Վարանդ Քորթմոսեանի հետ կենդանի հարցազրոյցի մը ձեւաչափին մէջ։ Այդ զրոյցը վարեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որու հարցումներուն պատասխանելով Վարանդ Քորթմոսեան բաժնեց իր խորհրդածութիւնները։ Իր արտայայտութիւններու իւրաքանչիւր քայլափոխին ներկաներուն համար արդէն քիչ մը եւս պարզ կը դառնար, որ ան որքան խղճմտանքով վերաբեւած էր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի յօդուածներուն նկատմամբ եւ որքան բարձր պատասխանատուութեամբ ի կատար ածած էր այդ աշխատանքը։

Յայտագրի եզրափակիչ փուլին բոլորին համար չափազանց հաճելի եւ ոգեւորիչ էր ունկնդրել փոքրիկն Նայիրա Այտընի երաժշտական կատարումները։ Ան երգեհոնի նուագներով ներկայացուց հայկական երեք տոհմիկ երգեր, ինչ որ տօնական տրամադրութիւն ստեղծեց բոլոր մասնակիցներուն համար։ Նայիրա Այտըն թէ՛ իր յաջողութեամբ եւ թէ համարձակութեամբ ջերմ ծափահարութիւններու արժանացաւ բոլորին կողմէ։

Հուսկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան արտասանեց փակման խօսքը, որու ընթացքին ինք եւս դրուատիքով արտայայտուեցաւ Վարանդ Քորթմոսեանի վաստակին մասին եւ յարատեւութիւն մաղթեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, որպէսզի հայերէնով արտադրող հեղինակները միշտ ունենան իրենց ինքնադրսեւորման, հասարակութեան խօսք ուղղելու հարթակը, որ վաղուց կ՚ընկալուի հայ մամլոյ նահապետ։ Հայր սուրբը յուշանուէրներ ալ յանձնեց ձեռնարկի մասնակիցներուն։

Ընկերային ցանցերու վրայ ալ ուղիղ եթերով սփռուած էր այս երեկոյթը, որու գործադրութեան աւարտին մասնակիցներու միջեւ մտերմիկ զրոյցը շարունակուեցաւ։ Բազմաթիւ ներկաներ փափաքեցան, որ Վարանդ Քորթմոսեան գիրքէն օրինակներ մակագրէ իրենց համար։ Բոլորը թէեւ կը հասկնային, որ գիրքին բուն հեղինակը ինքը չէ, սակայն ականատես ըլլալով հատորի կազմութեան ժամանակ իր ցուցաբերած վերաբերմունքին եւ հասած դրական արդիւնքին՝ բոլորը արդէն գիրքը մակագրելու բարոյական իրաւունքը լիուլի վերապահած էին իրեն։ Այսպէսով, բոլոր անոնք, որոնք երէկ երեկոյեան համախմբուած էին Գնալըի բարձունքին, հնարաւորութիւն ունեցան իրենց գրադարանը ճոխացնելու եզակի նմոյշով մը. Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի «Կեանքը որ կ՚ապրինք» յօդուածներու ժողովածոյով՝ արդարօրէն մակագրուած Վարանդ Քորթմոսեանի կողմէ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/11-08-2022-գիրք-մը-կամ-պատուհան-մը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın