Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի գաւառ։ Ս. Աստուածածնայ տաղաւարին ընդառաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելութիւն կը շնորհէ Թուրքիոյ հարաւային շրջաններու քաղաքներու մերազն ժողովուրդին։ Զանազան վայրերու մէջ հաւատացեալներու հետ մէկտեղուելէ վերջ շաբաթավերջին ան պիտի հասնի Վաքըֆլըգիւղ, ուր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի նախագահէ տաղաւարի արարողութիւններուն, աւանդական խրախճանքին, որոնք նոյնացած են՝ Մուսա լերան մեր այս գողտրիկ սրբավայրի տարեկան անուան տօնախմբութեան հետ։
Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանայ իր գաւազանակիրը՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որուն կը միանայ նաեւ գաւառի հոգեւոր տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/10-08-2022-դէպի-հարաւ-այցելութիւն
İlk yorum yapan siz olun